Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Մարզը Պիտի Յաջողի, Եւ Զբօսաշրջիկներու Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Պիտի Հաստատենք»

July 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Շուֆի մէջ մեկնարկը կատարեց 2019-ի ամրան եղանակին:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ ինք խոստացած է լիբանանցիին եւ զբօսաշրջիկին միջեւ սիրոյ ու հիւրասիրութեան մշակոյթի վրայ հիմնուած  վարուելակերպը լուսարձակի տակ առնել:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը եւ այդ մարզին ապահոված նիւթական մուտքը նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատեն:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք քաղաքական դաշտ մուտք գործած է զբօսաշրջութեան դարպասէն եւ բոլորին հետ տարակարծութիւն ունեցած է` երկրին զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւելու նպատակով:

«Ոչ ոք շահ կ՛արձանագրէ, եթէ հայրենիքը ձախողի: Հետեւաբար կա՛մ բոլորս կը յաղթենք, կա՛մ ալ բոլորս կը պարտուինք: Ես որոշած եմ ձախողութեան դարպասէն ներս կոլեր արձանագրել, որպէսզի բոլորս յաղթական դուրս գանք», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց անձնական հարցերը մէկդի դնելու եւ ազգային գիտակցութեան, հայրենիքի սիրոյ եւ քաղաքացիներուն նկատմամբ ամպիոններէն հնչող յայտարարութիւնները գետնի վրայ դրսեւորուող քայլերու վերածելու:

«Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը պիտի յաջողի», ընդգծեց Ա. Կիտանեան:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Կիտանեան յայտնեց, որ ինք զզուանք զգացած է կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու կատարած յայտարարութիւնները լսելէ ետք, եւ մտածած, որ արդեօք մէկը կրնա՞յ ինքն իրեն այսքան վնաս հասցնել:

«Ես կը հասկնամ, որ քաղաքականութեան մէջ մրցակցութիւն կայ, սակայն քաղաքականութեան մէջ կէտեր արձանագրելը պէտք չէ ըլլայ երկրին, ժողովուրդին եւ զբօսաշրջութեան հաշուոյն», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ապահովական թէ քաղաքական իւրաքանչիւր ցնցում իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանանի զբօսաշրջական մարմնին վրայ, ինչ որ մերժելի է: «Քապըր Շմունի միջադէպէն առաջ շատ լաւ էր կացութիւնը, սակայն այդ միջադէպէն ետք Պէյրութի պանդոկներուն մէջ կատարուած որոշ ամրագրումներ ջնջուեցան», նշեց ան` մաղթելով, որ այդ միջադէպը արագ թափով կարելի ըլլայ շրջանցել:

Նախարար Կիտանեան նկատել տուաւ, որ Լեռնալիբանանի միջադէպը շատ ցաւալի է, իսկ նահատակներուն յիշատակը` յարգելի, «սակայն այդ միջադէպը կարելի եղած է շրջանցել եւ շրջանի զբօսաշրջական եղանակը բաց յայտարարել, եւ փորձել զբօսաշրջութեամբ միացնել, այն ինչ որ քաղաքականութեամբ բաժնուեցաւ», ըսաւ ան:

Պաթրունի Մէջ

Նախարար Կիտանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Պաթրունի գինիի եւ գարեջուրի փառատօնին, ուր ան յայտնեց, թէ Պաթրունի միջազգային փառատօները ամէնէն գեղեցիկ փառատօներն են, որովհետեւ անոնք կը նմանին այս քաղաքին ու անոր մշակոյթին, քաղաքակրթութեան, արտադրութիւններուն եւ ճարտարարուեստին, ինչպէս նաեւ անոր ծովափին: «Պաթրունի փառատօնը ուրախութեան եւ քաղաքին պատմութեան ծանօթացման փառատօն է», հաստատեց Ա. Կիտանեան` շեշտելով փառատօներն ու զբօսաշրջութիւնը իրարու միաձուլելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել նաեւ ներքին լիբանանեան զբօսաշրջութիւն:

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ Ժողովրդային Շուկայ Մը` Ամբողջութեամբ Հրկիզուած

Յաջորդը

Պասիլ. «Հանրապետութեան Նախագահութեան Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ, Իսկ Զիս Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքը Սիրողը Այդ Մասին Պէտք Չէ Խօսի»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.