Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Քապըր Շմունի Միջադէպը Աննշան Չէր, Եւ Կառավարութեան Նիստը Իմ Որոշումովս Յետաձգուեցաւ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յուլիս 13, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը, յատկապէս Քապըր Շմունի միջադէպին լուծումը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պետական ամավարկը վաւերացնելու օրակարգը ինքզինք պիտի պարտադրէ:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացիին մտահոգութիւնը երկրին տնտեսական իրավիճակն է, հետեւաբար պէտք է վերջ տալ քաղաքական բանավէճին, որպէսզի երկիրը հանգստանայ: «Քաջ գիտենք, որ քաղաքական պոռչտուքն ու զօրաշարժը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն լիբանանցի քաղաքացիին: Անոնք ո՛չ ելեկտրականութիւն եւ ո՛չ ալ արդիւնքներ կ՛ապահովեն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան աշխատանքը լարուածութեան պատճառով կիսատ չէ մնացած, այլ` ինք պահանջած է նախարարաց խորհուրդի նիստը յետաձգել, որովհետեւ պատահած միջադէպը աննշան դէպք մը չէր: «Բայց եւ այնպէս կարելի է այդ միջադէպը հանդարտութեամբ լուծել», աւելցուց ան:

Ան շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Քապըր Շմունի միջադէպին բարւոք լուծում ապահովելու, եւ բոլորը կ՛օժանդակեն անոր եւ կ՛ընդառաջեն անոր կոչերուն:

Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ պետական ամավարկը վաւերացնելէ ետք պիտի քննարկեն «Սետր»-ն ու Մըքքենզիի ծրագիրը` աւելցնելով, որ պետական այս ամավարկով երկրին տնտեսական բարեկարգումները երեք տարուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ գործադրել:

Վարչապետը Արսլանի Եւ Ղարիպի Հետ Քննարկեց Լեռնալբանանի Միջադէպը

Վարչապետ Հարիրի կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպը:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջը ոչ ոքի դէմ մարտահրաւէր պէտք է նկատուի, այլ` անիկա իրաւունք է` հասնելու արդարութեան:

«Մենք պատրաստ ենք հանդարտեցնելու միջադէպին ստեղծած մթնոլորտը` պահպանելով հանդերձ իրաւունքը, օրէնքն ու արդարութիւնը», հաստատեց ան:

Արսլան շեշտեց նաեւ, որ նախարար Ղարիպ պիտի մասնակցի կառավարութեան բոլոր ժողովներուն:

Ան շեշտեց նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի յանձնառու է Ապպաս Իպրահիմի ի գործ դրած ջանքերուն` յոյս յայտնելով, որ կարելի կ՛ըլլայ յանգիլ այնպիսի արդիւնքներու, որոնք իրաւունքը կը պաշտպանեն եւ Լեռնալիբանանի միջադէպի թղթածրարը դատական ճշգրիտ ուղեգիծով կը լուծեն, այլ խօսքով` Արդարութեան խորհուրդին ճամբով:

Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Հրապարակած Է Հայ-Թրքական Բարեկամութեան Յուշարձանի Կազմաքանդման Վերաբերեալ Վճիռը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?