Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան:
Հարաւային Լիբանանի շրջապտոյտի սեմին, Պասիլ շաբաթ երեկոյեան գիշերեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի բնակարանը` Քաուսարիյաթ Սայատի մէջ, հարաւային Լիբանան:
Երէկ առաւօտեան Պասիլ հարաւի իր շրջապտոյտը սկսաւ Ժտայտեթ Մերժահիունէն` ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ:
Այն Իպըլի մէջ Պասիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան հարցը օրակարգի վրայ չէ` աւելցնելով, որ զինք եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը սիրողը այդ մասին պէտք չէ խօսի:
«Ո՛վ որ հանրապետութեան նախագահութեան մասին կը խօսի, կը ջանայ ներկայ իշխանութեան հեղինակութիւնը քանդել», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ այս շաբթուան ընթացքին խորհրդարանը կը գտնուի լուրջ պատասխանատուութեան դիմաց` յանդուգն որոշումներ տալու իմաստով: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի օժանդակէ, որ հարաւի բնակիչները իրենց գտնուած վայրերուն մէջ տոկան եւ գոյատեւեն: