Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի անցեալ շաբաթավերջին 2019-ի պետական ամավարկին մասին իր վերջնական տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ 2019-ի պետական ամավարկին վաւերացման համար ճշդուած խորհրդարանի լիագումար նիստերը պիտի չառկախուին:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ շեշտեց, որ իրենք կ՛ուղղուին Քապըր Շմունի հարցին բարւոք լուծում մը ապահովելու: Ան շեշտեց, որ այդ միջադէպին լուծումը պէտք է վստահիլ լիբանանեան պետութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ Հըզպալլա ապահովական եւ քաղաքական ուժ մըն է, որ կը զօրակցի լիբանանեան բանակին, եւ անիկա ըսի-ըսաւներով երբեք չի տարուիր: Ան նշեց, որ Հըզպալլայի կարգ մը պատասխանատուներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները կը նկատուին տնտեսական պատերազմ մը, որ Դիմադրութիւնը կը մղէ անձնատուր ըլլալու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ Քապըր Շմունի միջադէպին օրինական եւ դէպի հաշտութիւն առաջնորդող լուծում մը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ «Ազըմ» համալսարանին առաքելութիւնը մարդակերտումն է եւ հանդուրժողականութեան պաշարի պատրաստութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ Իսրայէլին դիմադրել, բացի լիբանանեան պետութենէն: Ան հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ նիստեր չգումարելը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենց դէմ հաստատուած պատժամիջոցներն ու բանեցուած ճնշումները կը զօրացնեն իրենց կամքն ու կորովը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Պընթ Ժպէյլի փառատօնին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը լուրջ եւ բծախնդիր փուլեր կը դիմագրաւէ, հետեւաբար անիկա կարիքը ունի գործակցութեան եւ փոխադարձ զիջումներու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Դիմադրութեան համար հպարտութիւն է, որ ան 2006-ին պաշտպանեց Լիբանան հայրենիքը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Յաջորդը

Մուսաուի Հերքեց, Թէ Ինք Տամուրի Ոստիկանատան Մէջ Կրակ Բացած Է

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?