Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթիի Զղարթա կատարած այցելութեան ընթացքին Ատուայի աղբանոցը փակելու պատճառով, Զղարթայի մէջ աղբահանումի տագնապ մը ստեղծուած է:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ աղբի տագնապը դիտմամբ ստեղծուած տագնապ մըն է, որովհետեւ ոմանք քաղաքական առումով այդ շրջանը կը միտին թիրախ դարձնել` կենսոլորտի թղթածրարին ընդմէջէն:
Ան կոչ ուղղեց կենսոլորտի նախարարութեան վերջ տալու հիւսիսային Լիբանանի աղբահանումի թղթածրարին իր միջամտութիւններուն, որովհետեւ այդ միջամտութիւնները իսկական տագնապ պատճառած են շրջանին մէջ եւ բարդացուցած կացութիւնը: «Ոչ ոքի պիտի արտօնենք շրջանի բնակչութեան առողջութիւնը վտանգի ենթարկել», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Ժրայսաթի Զղարթայի մէջ աղբահանումի տագնապ պատճառած է եւ ան պէտք է օգտակար հանդիսանայ, որպէսզի շրջանը կարենանք փրկել կենսոլորտային աղէտէ մը: