Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Յուլիս 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ, 13 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպի, ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ 2020-ի պետական ամավարկը աւելի լուրջ կերպով մշակելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ արդէն 2019-ի կիսուն կը գտնուինք:

Անդրադառնալով Պասաթինի միջադէպին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ միջադէպին մասին հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն, որ բոլոր կասկածելիները յանձնուին Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, որպէսզի կարենան վարչապետ Հարիրիի հետ հարցը համադրել:

Ժոմպլաթ պատասխանեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` նշելով, որ ան իր հարցազրոյցի ընթացքին զիրենք փոխադրած է 2005 եւ դաւաճանութեան զէնքի օրերուն:

«Մենք այդ դէպքերէն ետք 6 անգամ հանդիպած ենք, եւ այս մասին յիշեցումը նեղացուցիչ է: Պէտք է ի մտի ունենաս, որ ես քեզի կը զօրակցիմ միայն Պաղեստինի հարցով», հաստատեց Ժոմպլաթ:

Ան աւելցուց, թէ ինք անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Մազարեհ Շեպաայի սահմանագծում կատարուի եւ անիկա ճշդուի իբրեւ օրինական լիբանանեան հող, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ազատագրել ամէն միջոցներով:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ յարաբերութիւնը հոյակապ է` աւելցնելով, որ հանդիպումը առիթ մըն էր շարք մը հարցեր քննարկելու:

 

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Հանրապետութեան Նախագահութեան Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ, Իսկ Զիս Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքը Սիրողը Այդ Մասին Պէտք Չէ Խօսի»

Յաջորդը

Բագրատունի Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?