Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Դատական Իշխանութեան Աշխատանքին Միջամուխ Դարձող Որեւէ Քայլ Մերժելի Է» Շեշտեց Քանաան

August 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նիստէն ետք Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ մամլոյ ասուլիսները, բանավէճերն ու ցեխարձակումները ոչինչ կը փոխեն դատական իշխանութիւններուն մօտ գտնուող իրականութիւններէն:

Ան շեշտեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան, որովհետեւ անիկա սկզբունքային է: «Իսկ 7 օգոստոսի յիշատակի նախօրեակին կը հաստատենք, որ դատական իշխանութիւնը կ՛առաջնորդէ արդարութեան ուղիին: Հետեւաբար դատական իշխանութեան աշխատանքին միջամուխ դարձող որեւէ քայլ մերժելի է, քաղաքական ո՛ր ուժէն, որ ալ կատարուի անիկա», ընդգծեց Քանաան:

Ան կոչ ուղղեց ներկայ քաղաքական տագնապն ու տարակարծութիւնները անջատելու կառավարութեան նիստերէն, որովհետեւ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքը ազգային պարտականութիւն է` աւելի քան սահմանադրական:

Քանաան նշեց, որ կառավարութեան կողմէ աշխատանքի կասեցումը տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային առումով կը վնասէ երկրին:

Ան աւելցուց, որ 2019-ի պետական ամավարկի 80-րդ յօդուածը բարեփոխումի ենթարկելու նպատակով օրինագիծ մը պիտի ներկայացնեն` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան աշխատանքներուն միջամտութիւններ կատարելու անոր բնոյթը:

 

Նախորդը

«Հակառակ Ապահովական Եւ Քաղաքական Խոչընդոտներուն` Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճ Կ՛արձանագրէ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Համահայկական Ամառնային «7-րդ Խաղերու Հանդիսաւոր Բացում` Արցախի Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մէջ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.