Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Քապըր Շմունի միջադէպն ու կառավարութեան նիստ մը գումարելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին միացաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը դրական եղած է, իսկ լուծումները արդէն իսկ վերջնական են: «Նախկինէն շատ աւելի լաւատես եմ, սակայն պէտք է կարճ ժամանակի մը համար սպասել», ըսաւ ան` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային բոլորը աւետիսը կը լսեն:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Մարքազիա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որմէ զանց պիտի կացուցուի Պասաթինի զինեալ միջադէպին թղթածրարը:
Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ Պաապտայէն ուղղուեցաւ Խալտէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ:
Ապա ան առանց յայտարարութիւն կատարելու ուղղուեցաւ Այն Թինէ` հանդիպում մը ունենալու համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Երկու ժամ ետք` ժամը 8:00-ին, յստակ դարձաւ, որ Արսլան մերժած է առաջարկուած լուծման տարբերակը, եւ ըստ այնմ կառավարութեան նիստի հաւանականութիւնը ջնջուեցաւ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումի մը ընդմէջէն հարց տուաւ, որ հարցումը նախարարաց խորհուրդի նիստը գումարելուն մասին չէ այլեւս, այլ` արդեօք հետաքննութիւն պիտի կատարուի՞ Պասաթինի միջադէպը պատճառող յանցագործներուն հետ, թէ անոնք ազատ անկախ պիտի դեգերին, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը եւ անոր զօրակցողները կը փափաքին վրէժ լուծել:
«Մենք հանդարտ ենք ու համբերատար եւ օրէնքէն բացի ոչ ոքի մօտ երաշխիք կ՛որոնենք», նշեց ան:



