Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Մեքքա ուղղուելու ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները Ատհայի տօնին առիթով եւ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն յոյսն է, որ երկրին քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւնները իրենց գիտակցութեամբ կը գործակցին` գերադասելով երկրին գերագոյն շահերուն ապահովումը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը Ֆաթիմայի դարպասին հանդիպակաց շրջանին մէջ Ատայսէի մօտակայքը գտնուող Մթըլլէի բնակեցման վայրերուն մօտ բարձրացուցած սահմանային քարաշէն պատին վրայ զետեղած է փշալարեր` շրջուն ջոկատներու հսկողութեան տակ: Այս աշխատանքին զուգահեռ, սահմանին լիբանանեան կողմէն իրենց հսկողութիւնը խստացուցած են լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ պետական նախարար Ատել Աֆիունի կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին վերադառնալու կառավարութեան նիստերու սեղան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան ջանքերով երէկ առաւօտեան Պէյրութ վերադարձաւ լիբանանցի քաղաքացի Հիւսէյն Մահմուտ Եասինը, որ Ուկանտայի մէջ ձերբակալուած էր:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց քաջալերելու լիբանանեան արտադրութիւնները` հաստատելով, որ ամէն անգամ, երբ մարդիկ լիբանանեան ազգային արտադրութիւն մը գնեն, կը նպաստեն երկրին տնտեսական աճին ու զարգացման:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ նշեց, որ իրենք բարեկարգումի իրենց ընթացքէն պիտի չզիջին` գոհացնելու համար արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ստանձնէ կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրելու պատասխանատուութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապու Հասան յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անելի դիմաց` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ անոր քաղաքական խմբակը պատասխանատու են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը` հաստատելով, որ իրենք վերածուած են Միացեալ Նահանգներուն մաս կազմող նահանգի մը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան Մեկնեցաւ Գիւմրի

Յաջորդը

Հասան Քննարկեց Տարբեր Շրջանները Յուզող Հարցեր

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.