Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բոլորէն Կը Պահանջուի Պաշտպանել Լիբանանի Քաղաքական, Ապահովական Եւ Ելեւմտական Կայունութիւնը» Շեշտեց Պըրրի

August 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք պիտի չարտօնէ լիբանանցիները մասնատող եւ երկիրը բզկտող որեւէ քայլ:

«Բոլորէն կը պահանջուի պաշտպանել Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ ելեւմտական կայունութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ելեւմտական միջազգային հաստատութիւնները զգուշաւոր կերպով եւ մտահոգութեամբ կը դիտեն Լիբանանը», հաստատեց Պըրրի:

Անդրադառնալով Քապըր Շմունի միջադէպին` Պըրրի շեշտեց, որ ամբողջական հաշտութիւնները անհրաժեշտութիւն կը նկատուին` կառավարութեան նիստեր գումարելու ճամբայ հարթելու առումով:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կրնայ նիստեր գումարել` առանց Լեռնալիբանանի միջադէպին անդրադառնալու, եթէ անոր շուրջ համաձայնութիւն չկայ:

«Առանց քաղաքական կայունութեան, Լիբանան կը նմանի պատերազմէն այլանդակուած վիրաւորի: Հետեւաբար անհրաժեշտ է քաղաքական գործունէութեան առումով աւելի յառաջացած մակարդակի բարձրանալ, որպէսզի երկրին կացութիւնը այս վիճակով չշարունակուի», ըսաւ ան:

Պըրրի նշեց, որ Լեռնալիբանանի միջադէպին լուծման առումով իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը բաւական յառաջացած էր եւ կրնար յաջողութիւն արձանագրել, սակայն երբ իր նախաձեռնութեան հետ հակադրուող կեցուածքներ հնչած են, ինք որոշած է այդ նախաձեռնութիւնը կասեցնել:

Ան յայտնեց, որ 23 օգոստոսին Լիբանանի ելեւմտական կացութեան միջազգային վարկանիշը պիտի հրապարակուի` կոչ ուղղելով բոլորին քաղաքական տագնապին վերջ տալու եւ ամբողջական հաշտութիւն գոյացնելու:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի նախկին երեսփոխան Իմատ Հութ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ատհայի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս` իսլամները` մաղթելով, որ անոնք անդրադառնան Ատհայի տօնին խորհրդանշած միասնականութեան եւ զոհողութեան արժէքներուն:

Պըրրի աւելցուց, որ Ատհայի տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի:

Նախորդը

«Ո՛վ Որ Արդարութիւնը Կը Մերժէ, Մերժած Կ՛ըլլայ Նաեւ Այն Ընկերութիւնը, Որ Քաոսի Մէջ Չի Կրնար Ապրիլ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

27 Բնակարան Եւ Դպրոց Պիտի Կառուցուի Շահումեանի Եւ Քաշաթաղի Մէջ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.