Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հակառակ Ապահովական Եւ Քաղաքական Խոչընդոտներուն` Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճ Կ՛արձանագրէ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

August 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, անդրադառնալով յուլիս ամսուան ընթացքին արձանագրուած 7,6 առ հարիւրի համեմատութեամբ (բաղդատած յուլիս 2018-ի) զբօսաշրջիկներու աճին, շեշտեց, որ այդ աճը կրնար աւելի բարձր ըլլալ, եթէ անցեալ ամսուան ընթացքին ապահովական եւ քաղաքական խոչընդոտներ չարձանագրուէին:

«Սակայն հակառակ ապահովական եւ քաղաքական խոչընդոտներուն` Լիբանանի մէջ զբօսաշրջիկներուն թիւը եւ պանդոկներու զբաղուածութիւնը աճ կ՛արձանագրեն` բաղդատած նախորդ եօթը տարիներուն», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրենց յոյսը դրած են օգոստոս ամսուան վրայ` այդ աճը շարունակելու իմաստով, եւ յատկապէս նկատի ունենալով Ատհայի ու Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօները: Անդրադառնալով պանդոկներու զբաղուածութեան համեմատութեան` ան նշեց, որ յուլիս ամսուան ընթացքին Պէյրութի պանդոկներուն զբաղուածութիւնը 70-80 առ հարիւր եղած է, իսկ Պէյրութէն դուրս` 45-50 առ հարիւր:

Ան նշեց, որ 2019-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած է 8 առ հարիւրի աճ մը` բաղդատած անցեալ տարուան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անցեալ տարուան հետ բաղդատելով այս տարի 90 հազար յաւելեալ զբօսաշրջիկ այցելած է Լիբանան:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ Լիբանան այցելող սէուտցիներու թիւին համեմատութիւնը 86,70 առ հարիւրով բարձրացած է, քուէյթցիներունը` 41,06 առ հարիւրով, քաթարցիներունը` 90,86 առ հարիւրով, եգիպտացիներունը` 19,32 առ հարիւրով, ֆրանսացիներունը` 6,23 առ հաիւրով, գերմանացիներունը` 8,38 առ հարիւրով, անգլիացիներունը` 7,5 առ հարիւրով, հոլանտացիներունը` 50,88 առ հարիւրով, շուէտացիներունը` 11 առ հարիւրով, իտալացիներունը` 10 առ հարիւրով, սպանացիներունը` 19,15 առ հարիւրով, պրազիլցիներունը` 14, 16 առ հարիւրով, մեքսիքացիներունը` 51,83 առ հարիւրով, ամերիկացիներունը` 7,54 առ հարիւրով, իսկ  քանատացիներունը` 4,86 առ հարիւրով:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2019-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին Լիբանան այցելած է 1,206,139 զբօսաշրջիկ, մինչդեռ անցեալ տարի անոնց թիւը հասած է 1,115,866-ի:

Նշենք, որ թուային այս պատկերները չեն ներառեր լիբանանցի, սուրիացի եւ պաղեստինցի քաղաքացիները:

 

Նախորդը

Քումաթի Եւ Ուսամա Սաատ Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Կառավարութեան Նիստերուն Գումարումը Եւ Երկրին Հարցերուն Լուծումը

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Դատական Իշխանութեան Աշխատանքին Միջամուխ Դարձող Որեւէ Քայլ Մերժելի Է» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.