Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց «Լայընզ» միութեան Լիբանանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Նապիլ Նասսուրի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի կարենայ դուրս գալ երեք տասնամեակ շարունակ կուտակուած տնտեսական իր տագնապէն:
Ան հաստատեց, որ իրենք ձախողութիւններու վարժ չեն, եւ Լիբանան պիտի կարենայ թօթափել իր բոլոր դժուարութիւնները: «Օր մը օրանց չենք պարտուած, եւ այսօր ալ յաղթական դուրս պիտի գանք», շեշտեց նախագահ Աուն:
Ան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունի հետ: Քննարկուեցան հիւանդանոցներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ եւ անոր փոխանցեց Հարունի հետ գոյացուցած համաձայնութիւնը:
Երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերը նախագահ Աուն քննարկեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի հետ: