Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի եւ Ժահժահի գրասենեակի տնօրէն Էլի Պըրաղիտի:
Ներկաները քննարկեցին քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները` տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ: