Հըզպալլայի կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ դիմադրութիւնը յաջողեցաւ իր ուժը եւ կամքը հաստատել` օր ցերեկով գործողութիւն կատարելով թշնամի Իսրայէլին դէմ, որպէսզի պաշտպանէ Լիբանանը: «Լիբանանի դէմ հետագայ որեւէ յարձակման պատասխանելու մեր իրաւունքը կը հաստատուի, եւ ատոր շնորհիւ լիբանանցիները անգամ մը եւս զգացին, որ իրենք նոր յաղթանակի առջեւ կը գտնուին», ընդդծեց շէյխ Քաուք:
Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունեցած Աշուրայի հաւաքին ընթացքին շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու գրաւը դրած էր այն կէտին վրայ, որ նիւթական, տնտեսական, քաղաքական եւ բարոյական պատժամիջոցները եւ ահաբեկչական կառոյցներու շարքին դասակարգումները Դիմադրութեան նկատմամբ արգելք պիտի հանդիսանան անոր յարձակում-պատասխան տալու, եւ այդ ճնշումը պիտի կարենայ զայն տկարացնել, կոտրել անոր կամքը, եւ յարձակումը անպատասխան պիտի մնայ: «Սակայն աշխարհը ականատես դարձաւ, որ բոլոր պատժամիջոցները, ահաբեկչական կառոյցներու շարքին դասակարգումները եւ սպառնալիքները մեր կամքը չկոտրեցին եւ ոչինչ փոխեցին մեր կեցուածքէն, եւ մեր պատասխանը բացայայտեց Իսրայէլի յուսախաբութիւնը եւ անկարողութիւնը աշխարհին առջեւ, եւ մենք տեսանք, որ ինչպէ՛ս թշնամիին զինուորները կը լքեն անցարգելները, դիրքերը եւ զօրանոցները, եւ ատիկա խայտառակութիւն եւ ծիծաղի առարկայ էր իսրայէլեան բանակին համար ամբողջ աշխարհին առջեւ», ըսաւ Քաուք:
Շէյխ Քաուք ընդգծեց, որ ժողովուրդը վերահաստատեց իր վստահութիւնը Դիմադրութեան նկատմամբ` հակառակ ամերիկեան պատժամիջոցներուն, իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ ահաբեկչական դասակարգումներուն: Ըստ Քաուքի, իսրայէլեան յարձակումները հակառակ արդիւնք տուին եւ ցնցում պատճառեցին ամերիկեան վարչակարգին, քանի որ անոնք կը ցանկային պաշարել եւ մեկուսացնել Դիմադրութիւնը, սակայն Ամերիկան, անոր գործիքները շրջանին եւ Լիբանանի մէջ` իրենք են, որ մեկուսացան, եւ արաբական ու իսլամական աշխարհին մէջ Դիմադրութեան աջակցող ալիքները բարձրացան, եւ անոնք տեսան, որ Դիմադրութեան նուաճումներէն մէկն է լիբանանեան կառավարութեան իւրայատուկ դիրքորոշումը` պաշտպանել իսրայէլեան յարձակումներուն պատասխանելու լիբանանցիներուն իրաւունքը, որովհետեւ այս իւրայատուկ կեցուածքը բացայայտեց Լիբանանի կառավարութեան դիրքորոշումը 2006-ին: Դիմադրութիւնը այսօր կը վայելէ ազգային եւ պաշտօնական աննախընթաց համերաշխութիւն, քանի որ խորհրդարանին, կառավարութեան մեծ մասը եւ ժողովուրդին մեծ մասը կ՛աջակցի Դիմադրութեան, եւ «Բանակ, ժողովուրդ եւ Դիմադրութիւն» տարազին: «Դիմադրութիւնը այսօր կը գտնուի իր ժողովրդային, քաղաքական եւ զինուորական գագաթնակէտին վրայ, եւ կը գտնուի իր ոսկեայ փուլին մէջ, եւ ցոյց կու տայ, որ ապագան լի է նորանոր նուաճումներով», շեշտեց շէյխ Նեպիլ Քաուք: