Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Եղած Է Եւ Տակաւին Կը Գտնուի Արաբական Արդար Դատերու Պաշտպաններու Առաջնագիծին Վրայ»

September 6, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Միշել Աուն շեշտեց, որ Լիբանան եղած է եւ կը մնայ արաբական արդար դատերու պաշտպաններու առաջնագիծին վրայ, եւ այդ արդար դատերուն մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ պաղեստինեան դատը:

«Մենք բոլոր առիթներով կը ձգտինք հասնիլ արաբական համաձայնութեան, քանի որ արաբական երկիրներուն միջեւ եղած տարբերութիւնը, որ անոնց կը խոչընդոտէ երկխօսութեան սեղան նստիլ, պիտի պարտադրէ այնպիսի լուծումներ, որոնք ցանկալի չեն», ընդգծեց նախագահ Աուն` շեշտելով, որ «մեր կեցուածքը արդէն իսկ յայտնի է Լիբանանի կամ արաբական այլ երկիրներու մէջ, եւ մենք ասիկա շեշտած ենք արաբական իրերայաջորդ վեհաժողովներու կամ ՄԱԿ-ի ամպիոններէն»: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպելով արաբ երիտասարդներու հետ:

Արաբական տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Աուն ափսոսանք յայտնեց, որ «պատերազմները մասնատած կրնան ըլլալ արաբական կեցուածքը եւ կանխած` միասնական արաբական կեցուածքի հասնիլը, հետեւաբար թուլացած են»: Աուն յայտնեց, որ 13 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը իր նիստի ընթացքին պիտի քուէարկէ Լիբանանի մէջ «Հանդիպման եւ երկխօսութեան մարդկային ակադեմիա» բանալու օգտին,  եւ այս ակադեմիան պիտի սորվեցնէ տարբեր քաղաքակրթութիւնները, կրօնները, բարոյագիտութիւնը եւ խաղաղութեան արժէքները, որոնք չեն կրնար ծնիլ թուղթի վրայ, այլ տարբեր մարդոց միջեւ` իրենց պատկանելիութեան բազմազանութեամբ:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս տնտեսական իրավիճակը այն քննարկումներուն լոյսին ներքեւ, որոնք տեղի ունեցան անցնող երկուշաբթի Պաապտայի մէջ` քաղաքական-տնտեսական ժողովին ընթացքին:

Սէյիտ շեշտեց, որ տնտեսութիւնը բարելաւելու կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է սեղմել ծախսերը պետական հիմնարկներուն մէջ եւ փտածութեան դէմ քայլեր առնել նախքան յաւելեալ բեռներ դնելը քաղաքացիներուն վրայ` տիրող ներկայ կացութեան մէջ: Երեսփոխան Սէյիտ նշեց, որ նախագահ Աունին հետ քննարկած է նաեւ Պեքաայի մէջ տիրող ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը, որ կրնայ ցաւալի նկատուիլ, յատկապէս արտադրութեան նուազումը եւ արաբական երկիրներ արտահանելու դժուարութիւնները:

 

Նախորդը

Նեպիլ Քաուք. «Դիմադրութիւնը Այսօր Կը Վայելէ Աննախընթաց Ազգային Եւ Պաշտօնական Համերաշխութիւն»

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով` Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.