Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Լիբանան Իր Ճնշուած Իրավիճակէն Կը Փրկուի, Եթէ Նախագահական Պալատին Մէջ Գոյացած Համաձայնութիւնը Գործադրուի»

Սեպտեմբեր 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի փոթորիկի դիմաց, եւ անոր ու լիբանանցիներուն դէմ իսկական պատերազմ կը մղուի:

Պըրրի լուսարձակի տակ առաւ, որ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական խորհրդաժողովին արդիւնքներուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է անպայման գործադրել այդ նիստին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը, յատկապէս այն 22 կէտերը, որոնց շուրջ համախոհութիւն գոյացաւ:

«Լիբանան իր ճնշուած իրավիճակէն կը փրկուի, եթէ նախագահական պալատին մէջ գոյացած համաձայնութիւնը գործադրուի», հաստատեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց 2020-ի պետական ամավարկը սահմանադրական ժամկէտի տեւողութեան մէջ վաւերացնելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ ամավարկը պէտք է պատրաստ ըլլայ եւ քննարկուի կառավարութեան յաջորդ նիստին:

Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ ելեկտրականութեան թղթածրարը եւս պէտք է լուծուի` նկատի ունենալով, որ անիկա երկրին պետական գանձարկղին մէկ երրորդը կը կազմէ:

Պըրրի ընդգծեց, որ Պաապտայի տնտեսական-ելեւմտական խորհրդաժողովին ընթացքին ինք հինգ առաջարկներ ներկայացուցած է, որոնցմէ է պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացումը, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը չշարունակէ օտար երկիրներէ վարկեր եւ ֆինանսաւորում ստանալ:

Խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ընկերային մարզին եւ լիբանանցիներուն ապրուստին վերաբերող հարցերու` շեշտելով, որ հարկ է այդ հարցերը գիտակցութեամբ լուծել` լիբանանեան պաշտօնական հաստատութիւններու կողմէ:

Պըրրի հաստատեց նաեւ, որ պենզինի սակին վրայ, ինչպէս նաեւ համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ հարկեր պիտի չպարտադրուին:

Նիստէն ետք Պըրրի ընդունեց երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյսը, Զիատ Հաուաթն ու Ղազի Զաայթերը, որոնք արծարծեցին լիբանանցի քաղաքացի Ժոզեֆ Հաննուշի առեւանգումի թղթածրարը:

Երեսփոխանները շեշտեցին, որ Հաննուշ կը գտնուի Պեքաայի մէջ եւ Պըրրիէն խնդրեցին օժանդակել անոր ազատ արձակման:

Նախորդը

«Ամերիկեան Մէկ Տոլարի Դիմաց Լիբանանեան Թղթոսկին 1500-ի Համարժէք Պահելը Միակ Միջոցն Է Տնտեսական Բարեկարգումներուն Իրագործման» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

«Լիբանան Պիտի Կարենայ Դուրս Գալ Իր Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապէն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?