Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիւքան. «Սետր»-ի Խորհրդաժողովին Որոշումները Առկայ Են, Իսկ Պաապտայի Մէջ Վաւերացուած Տնտեսական Բարեկարգումները Պէտք Է Գործադրել»

September 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն գործադրութեան հսկող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքան, որ նախանցեալ օր ժամանած էր Լիբանան, երէկ շարունակեց իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին  հաստատեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներ կը մնան առկայ, ինչպէս նաեւ դրուատեց Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական-ելեւմտական երկխօսութիւնը` կոչ ուղղելով գործադրելու տնտեսական բարեկարգումները:

Տիւքան հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի գլխաւոր խորհրդատու Միրէյ Աուն Հաշեմի, ինչպէս նաեւ տնտեսական խորհրդատու Ֆատի Ասալիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Տիւքանի ներկայացուեցաւ Պաապտայի քննարկած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը:

Տիւքան շեշտեց, որ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գործադրելու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները:

Կէսօրէ ետք Տիւքան այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանիի, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան, ջուրի եւ նաւթի մարզին դիմագրաւած հարցերը:

Մէկուկէս ժամուան հանդիպումէն ետք Պուսթանի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ մնայուն կերպով ցուցաբերուած ֆրանսական զօրակցութեան:

Իր կարգին Տիւքան հրամայական նկատեց քաղաքացիներուն շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն հայթայթելը: Ան աւելցուց, որ Պուսթանի հաստատած է, թէ ելեկտրականութեան ծրագիրը գործադրելու առումով մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:

Ան յաջողութիւն մաղթեց Պուսթանիի` հաստատելով, որ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւումը իր դրական նպաստը պիտի ունենայ Լիբանանի բոլոր մարզերուն վրայ:

Տիւքան այցելեց նաեւ աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

 

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դրուատեց Պաապտայի Տնտեսական Հանդիպումը

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Ռըզքի Հետ Քննարկեց Արաբական Զբօսաշրջական Ա. Խորհրդաժողովի Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.