Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայր Ազար. «Կարելիութիւն Պիտի Չունենանք Ուսուցիչներուն Ամսականները Վճարել Մայիս Ամիսէն Ետք, Եթէ Կառավարութիւնը Որեւէ Նախաձեռնութեան Չդիմէ»

May 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար երէկ ընդգծեց, որ տնտեսական տագնապը նոր չէ ստեղծուած` նշելով, որ 2012 թուականէն ի վեր արդէն իրենք նախազգուշացուցած էին անոր վատթարացումէն` աշխատավարձերու եւ յաւելումներու թղթածրարին պատճառով, զոր պահանջած էին, որ ըլլայ արդար եւ հաւասարակշռուած: Ան աւելցուց, որ միայն շատ քիչ թիւով ծնողներ կրթաթոշակները կը վճարեն` աւելցնելով, որ արդէն իսկ 4 վարժարաններ իրենց դռները փակած են:

Ըստ հայր Ազարի, հակառակ անոր որ ուսուցիչները օգտուեցան ամսականներու բարձրացումէն, սակայն անոնք չստացան այն իւրայատուկ աստիճանները` թիւ 46 օրէնքին համաձայն, որ վաւերացուեցաւ ընտրական նպատակներով:

Հայր Ազար բացատրեց, որ կաթողիկէ վարժարանները մինչեւ փետրուար 2020 շարունակեցին վճարել իրենց ուսուցիչներուն 80 տոկոսին ամսականները, իսկ մարտէն ի վեր կը վճարուին ամսականներուն 50 առ հարիւրը: Ան շեշտեց, որ մայիսէն ետք կարելիութիւն պիտի չունենան ամսականները վճարելու, եթէ կառավարութիւնը որեւէ նախաձեռնութեան չդիմէ:

Հայր Ազար նշեց, որ կրթաթոշակներուն բարձրացումը պատահական չէր` աւելցնելով, որ առաջին եռամսեակին վճարուած է կրթաթոշակներուն 36 առ հարիւրը, երկրորդին` 19 առ հարիւրը, իսկ երրորդին` աննշան տոկոս մը, ինչ որ կը նշանակէ, որ ընդհանուր տարուան կրթաթոշակներու գանձումը չի գերազանցեր 27 առ հարիւրը:

Հայր Ազար նշեց, որ ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին մէջ չէր նշուած կրթական մարզի տագնապը, հակառակ անոր որ կրթութեան նախարար Թարեք Մաժզուպ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ փրկելու համար կրթութիւնը Լիբանանի մէջ: «Մենք կառավարութեան ներկայացուցինք  սեփական եւ պետական դպրոցներուն վերաբերող բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց նպատակն է սեփական դպրոցներուն վստահիլ նախակրթարանի կրթութիւնը, իսկ պետական դպրոցները կը ստանձնեն երկրորդական բաժիններու կրթութիւնը», ընդգծեց հայր Ազար:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 55-Ամեակին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Ուրուկուէյի Դեսպանին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Լիբանանին Կոչ Ուղղեց Չներգրաւուելու Արտաքին Տագնապներուն Մէջ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.