Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Կեղծուած Նաւթի Թղթածրարը Քաղաքական Է, Իսկ Սարգիս Հլայս Դատական Իշխանութեան Պիտի Ներկայանայ»

Մայիս 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ուժգին յարձակում գործեց Պաապտայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վրայ` կեղծուած նաւթի հարցով:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրենժիէ յայտնեց, որ յանցագործներու հովանի ապահովելու առումով Մարատայի անունը շրջանառութեան մէջ դրուելու լոյսին տակ, ինք որոշած է բոլոր լրատուամիջոցներուն յայտարարել, թէ նաւթային պարէնի պատասխանատու Սարգիս Հլայս իր բարեկամն է, եւ ինք վստահ է, որ ան անմեղ է իրեն ուղղուած ամբաստանութենէն: «Մեր խիղճը հանգիստ է, եւ մենք կը պաշտպանենք մեր բարեկամները, որոնք անիրաւուած են: Հլայս պիտի ներկայանայ դատական իշխանութեան, եւ ոչ թէ այն դատաւորներուն, որոնք ստիպուած յարուցացած են դատական այս գործը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէի յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն դատական իշխանութիւնները` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւնը անարգողը ան է, որ դատական իշխանութեան նշանակումները կը մերժէ ստորագրել եւ կ՛արձակէ քաղաքական հրահանգներ, որոնք նախքան հետաքննութիւնը` վճիռներ կը կաղապարեն: Ան նշեց, որ պահանջուածը թափանցիկ հետաքննութիւն է` շեշտելով, որ նաւթի թղթածրարին պարագային կան 6-7 նախարարներ, որոնք Ազգային ազատ հոսանքը կը ներկայացնեն: «Արդեօք անոնք պատասխանատուութիւն չե՞ն ստանձներ», հարց տուաւ Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ իրենց հաշիւները, իրենց զաւակներուն եւ զիրենք շրջապատող բարեկամներուն հաշիւները բոլորին դիմաց բաց են:

«1989-ին ստեցիք ժողովուրդին եւ քանդեցիք Լիբանանն ու  քրիստոնեայ շրջանները, 2005-ին դարձեալ ստեցիք, իսկ այսօր դարձեալ կը խաբէք ժողովուրդը: 13 հոկտեմբեր 1989-ին, երբ սուրիական բանակը Պաապտա մուտք գործեց, զօր. Միշել Աուն Ղազի Քանաանին հետ հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնելու բանակցութիւններու մէջ էր: Նախապէս ձեր ուժը կը կեդրոնանար ժողովրդային զօրակցութեան վրայ, իսկ այսօր ձեր զօրութիւնը կը բխի իշխանութենէն: Լաւ իմացէք, որ երբ իշխանութիւնը վերջ գտնէ` ոչինչ պիտի արժէք, եւ հաւանաբար դատական իշխանութիւնները ձեզ չեն դատեր, սակայն պատմութիւնը պիտի դատէ: Եթէ իմ հետս հարց ունիք, ապա ես ներկայ եմ: Պատերազմ կ՛ուզէ՞ք` պատերազմ, խաղաղութիւնը կ՛ուզէ՞ք` պատրաստ ենք: Սակայն դուք երկչոտ էք եւ անիրաւ, որովհետեւ իշխանութիւնը կ՛օգտագործէք ձեր շահերուն համար: Պատմութիւնը ձեզի պիտի չխնայէ», շեշտեց ան:

Ֆրենժիէ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կազի նշոյլն անգամ չկայ` աւելցնելով, որ «Թոթալ» ընկերութիւնը պիտի հեռանայ: «Լիբանան նաւթային երկիր չէ: Հանրային կարծիքը պէտք է իրազեկ դառնայ այս իրականութեան եւ իմանայ, որ իշխանութիւնները զայն կը խաբեն: Անոնք, որոնք հաւատացին ձեզի եւ 7 օգոստոսին պայքարեցան ձեր կողքին, լքած են ձեզ, որովհետեւ դուք ձեր փառքը իշխանութեան վրայ կերտեցիք, իսկ իշխանութիւնը յարատեւ չէ», ընդգծեց ան:

Իր խօսքը ուղղելով դատաւորներուն` Ֆրենժիէ ըսաւ. «Եթէ ձեզի պաշտօններ խոստացուած են, ապա իմացէք, որ երկու տարի ետք բոլոր տարազները պիտի փոխուին: Մենք կը հաւատանք պետութեան եւ քաղաքացիական պատերազմէն ետք եղանք առաջին քաղաքական ուժը, որ իր զէնքերը յանձնեց պետութեան: Մենք կը հաւատանք նաեւ արդարութեան, եւ կը հաստատենք, որ Սարգիս Հլայս արդարութեան պիտի ներկայանայ, եւ ոչ թէ Ժըպրան Պասիլի դատաւորներուն, արդարութեան լրտեսներուն», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ ելեկտրականութեան մարզին պատճառով Լիբանանի արձանագրած նիւթական վնասները միլիառներով են` դիտել տալով, որ պահանջուածը թափանցիկ նուազուրդ մը կատարել է, պայմանաւ որ ան ըլլայ գիտական, ճշգրիտ եւ յստակ շրջագիծով:

Անդրադառնալով նախագահական պալատին մէջ ընթացող տնտեսական-ելեւմտական հանդիպումին չմասնակցելու իր կեցուածքին` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը մաս կը կազմէ կառավարութեան եւ պատրաստուած ծրագիրին մասին այդ հոսանքին դիտողութիւնները փոխանցած է կառավարութեան նիստերուն ընթացքին: «Մենք մեր դիտողութիւնները պիտի ներկայացնենք նաեւ խորհրդարանի նիստին ընթացքին, իսկ երբ Պաապտայի կողմէ թիրախ կը դառնանք, ապա մե՛նք կ՛որոշենք, թէ հանդիպումին կը մասնակցի՞նք կամ ոչ», յայտնեց ան:

Երկրին տնտեսական կացութեան մասին խօսելով` Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ներկայ իշխանութիւնները կը խաբեն ժողովուրդը, յատկապէս` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու իմաստով, «որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնները անկարող են յանձնառու մնալու այդ ֆոնտին պարտադրելիք պայմաններուն, եւ Միջազգային դրամական ֆոնտը չ՛օժանդակեր Լիբանանին, եթէ ան իր պարտադրած նախապայմանները չգործադրէ: Դուք քանդեցիք քրիստոնեայ ընկերութիւնը եւ պատճառ դարձաք քրիստոնեայ համայնքին արտագաղթին: Տարբերութիւնը այն է, որ անոնք անցեալին ձեզի կը հաւատային, սակայն այսօր` ոչ», եզրափակեց ան:

Նախագահական Պալատը Կը Պատասխանէ

Ի պատասխան Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութիւններուն, նախագահական պալատի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Ֆրենժիէ, որ իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսած էր նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մասին, ճիշդ էր եւ անկեղծ միայն այն կեցուածքին մէջ, թէ ինք իր համակիրները եւ շրջապատը կը պաշտպանէ` նոյնիսկ երբ անոնք կաշառակերութեամբ ամբաստանուած են: Արդարութեան կողմէ պահանջուած յանցագործներուն պաշտպանը հանդիսանալով հպարտանալու փոխարէն, լաւ կ՛ըլլար, որ Ֆրենժիէ իր հովանին եւ քաղաքական նեցուկը հեռացնէր անոնցմէ, որպէսզի դատական իշխանութիւնը կարենայ իր աշխատանքը կատարել: Ամէն պարագայի, այս հարցը կը գտնուի դատական իշխանութիւններուն մօտ, եւ ան միակ կողմն է, որ պիտի կատարէ այն ինչ որ իր հայեցողութեամբ յարմար կը գտնէ:

«Ֆրենժիէի ցասկոտ ու զայրոյթով լեցուն ելոյթին ընթացքին արտասանուած խօսքերը ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, ընդհակառակն` անոնք իրականութիւնները կը խեղաթիւրեն, հետեւաբար արժանի չեն պատասխանի: Իսկ անոր ելոյթը կարելի է որակել իբրեւ Լիբանանի տնտեսութեան եւ վարկին հասցուած չարիք, ի մասնաւորի նաւթի եւ կազի պեղումներուն մասին անոր կատարած յայտարարութիւնները»:

 

 

 

Նախորդը

Հըթթի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տնտեսական Ծրագիրն Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Բոլոր Համայնքներուն, Յատկապէս Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Իրաւունքներուն Յանձնառու Կը Մնամ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?