Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրն ու երկրին տնտեսական եւ ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Տիապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու տնտեսական իրավիճակը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Մաքասետ միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Ֆայսալ Սըննոյի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:
Սըննօ շնորհաւորեց վարչապետ Տիապը` ռամատանի առիթով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ինք կը քաջալերէ վարչապետը` փտածութեան դէմ մղած անոր պայքարին մէջ, պայմանով որ այդ պայքարը ըլլայ առանց խտրութեան:
Վարչապետ Տիապի այցելեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը` յատկապէս «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու ծիրին մէջ:



