Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Բոլոր Համայնքներուն, Յատկապէս Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Իրաւունքներուն Յանձնառու Կը Մնամ»

Մայիս 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, ներկայութեամբ` երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յոյն ուղղափառ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ անոր պետական հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն մէջ այդ համայնքին ունեցած ազգային դերակատարութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ բոլոր համայնքներուն, յատկապէս յոյն ուղղափառ համայնքին իրաւունքներուն` աւելցուց, որ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօններ ստանձնած յոյն ուղղափառ համայնքի զաւակներուն մեծ մասը յայտնի է իր ատակութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ:

Իր կարգին, Աուտէ եպիսկոպոս բարձր գնահատեց նախագահ Աունի կողմէ իրագործուող միասնականացման միտող ազգային դերակատարութիւնը` ընդգծելով երկրին պետական հաստատութիւններուն մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի զաւակներուն պաշտօններ վստահելու կարեւորութիւնը:

Աուտէ եպիսկոպոսը նախագահ Աունին ներկայացուց յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուած պահանջները` հաստատելով, որ համայնքը կը զօրակցի քաղաքացիական պետութեան, որ հիմնուած է քաղաքացիներուն միջեւ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու հաւասարութեան վրայ:

Աուտէ եպիսկոպոս շեշտեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի պատասխանատուները այլ պատասխանատուներով փոխարինելը պէտք է յստակ պատճառներ ունենայ` առանց ոեւէ մէկը անիրաւութեան մատնելու:

Ան նշեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի զաւակներուն նշանակումները դրուած են հանրապետութեան նախագահութեան տրամադրութեան տակ` պահանջելով համայնքին զաւակներէն հեռու պահել անիրաւութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանին, որ ընդգծեց, թէ նախագահ Աուն նախանձախնդիր կը մնայ Լեռնալիբանանի կայունութեան եւ անոր զաւակներուն արժանապատիւ կեանքին:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Կեղծուած Նաւթի Թղթածրարը Քաղաքական Է, Իսկ Սարգիս Հլայս Դատական Իշխանութեան Պիտի Ներկայանայ»

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 859-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 234-ի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?