Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ընդգծեց Ազատ Տնտեսութեան Իր Կառչածութիւնը Եւ Հաստատեց Ուժանիւթի Նախարարութեան Մէջ Նոր Նուազուրդներ Կատարելու Ու Յանցագործները Պատժելու Կարեւորութիւնը

May 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը, գլխաւորութեամբ` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամին զարգացումները:

Համախմբումը շեշտեց իր մերժումը ոեւէ լիբանանցիի եւ Լիբանանը իր տնտեսական, առողջապահական ու ելեւմտական տագնապներէն փրկելու փորձերը ջլատող որեւէ քաղաքական կողմի հետ բանավէճի մէջ մտնելու, առանց սակայն զիջելու իր սկզբունքներէն եւ փտածութեան դէմ մղած պայքարէն:

Համախմբումը շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի երկխօսութեան, յատկապէս փտածութեան դէմ պայքար մղելու եւ այդ պայքարը դիւրացնող օրէնսդրութեան աշխատանքին մէջ գործակցելու:

Անդրադառնալով Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի սկսելիք բանակցութիւններուն, համախմբումը շեշտեց տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին մէջ նշուած ուժային կէտերը, ինչպէս նաեւ պահանջեց ամրացնել անոր տկար բաժինները` ըստ այն զեկուցումին, որ ներկայացուած էր Պասիլի կողմէ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին:

Համախմբումը շեշտեց իր կառչածութիւնը ազատ տնտեսութեան` նկատի ունենալով, որ ան լիբանանեան համակարգին հիմնասիւներէն է, ինչպէս նաեւ ընդգծեց եկամուտներուն վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը արտադրողական տնտեսութեամբ փոխարինելու իր կեցուածքը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց պաշտպանելու սեփական մարզը, ինչպէս նաեւ դրամատնային բնագաւառը` մերժելով դրամական այն քաղաքականութիւնները, որոնք նախապէս գործադրուած են:

Համախմբումը անընդունելի նկատեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներէն իւրացում կատարուի` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է երկրին ելեւմտական հարստութիւնը վերականգնէ ներդրումներով:

Ելեկտրականութեան արտադրութեան համար օգտագործուած նաւթի թղթածրարին մասին համախմբումը հաստատեց ուժանիւթի նախարարութեան մէջ նոր նուազուրդներ կատարելու եւ յանցագործները պատժելու կարեւորութիւնը:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ ոմանք կը մերժեն նոր նուազուրդներու դրութիւնը` պաշտպանելու համար իրենց անձնական շահերը: «Այս իմաստով կառավարութենէն կը պահանջենք համապատասխան որոշում տալ», շեշտեց համախմբումը:

Կեղծուած նաւթի հարցով Հզօր Լիբանան համախմբումը շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է, որ դատական իշխանութիւններուն մօտ այդ թղթածրարը բանալու ուղղութեամբ աշխատած է:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքն է, որ այս հարցով ամբաստանութիւններ կը կատարէ եւ կը մերժէ այդ ամբաստանութիւնները ընդհանրացնել` պաշտպանելու համար իսկական յանցագործները:

Անիկա դատական իշխանութիւններէն եւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեց իրենց պատասխանատուութիւնները ամբողջութեամբ ստանձնել` բացայայտելու համար կեղծուած նաւթի ներածման հեղինակները եւ պատժելու համար զանոնք, ինչքան ալ անոնք բարձր պաշտօններու տէր ըլլան:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ այս թղթածրարը մինչեւ վերջ հետապնդուի, որպէսզի փտածութեան դէմ պայքարի լաւագոյն օրինակը ըլլայ եւ յանցագործները քաղաքական հովանիէ զրկէ: «Թող այս թղթածրարին մեղսակից յանցագործներուն պատժուիլը ըլլայ ուսանելի դաս  բոլոր այն քաղաքական գործիչներուն, որոնք արձանագրուած փտածութեան մասին իրազեկ ըլլալով հանդերձ, անամօթաբար կը շարունակեն պաշտպանել յանցագործները, այլ խօսքով` փտածութեան ուղին, որ Լիբանանի ելեւմտական համակարգը փուլ բերած է եւ լիբանանցի քաղաքացիները զրկած իրենց դրամներէն ու իրաւունքներէն:

 

Նախորդը

Լիբանանի Կառավարութիւնը Երէկ Պաշտօնապէս Սկսաւ Բանակցիլ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Բարելաւել Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւնները»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.