Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 859-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 234-ի

May 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Չորս Օրով
Երկիրը Լրիւ Փակելու Քայլի Որդեգրման

Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւի բարձրացումը լիբանանեան պետական շրջանակներուն եւ առողջապահութեան նախարարութեան մօտ լուրջ մտահոգութեան տուն տուաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ կառավարութիւնը ուղղուի չորս օրով երկիրը լրիւ փակելու քայլի որդեգրման` հինգշաբթի օրուընէ մինչեւ կիրակի:

Այս շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի որոշումով, երէկուընէ սկսեալ կրակմարի դրութեան ժամերը կրկին վերածուեցան երեկոյեան ժամը 7:00-էն  մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00-ի:

Իսկ Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ինքնաշարժներու երթեւեկի եւ «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու միջոցներուն որդեգրման հսկողութիւնը աւելի խստացուած է` ընդգծելով, որ այս համաճարակին դէմ պայքարելու իմաստով պատասխանատուութիւնը բոլորին է:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին լիբանանեան ընկերութեան ցուցաբերած չափազանց անզգուշ եւ անպատասխանատու կեցուածքին պատճառով «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը աղիտալի կերպով սկսած է բարձրանալ:

Ան նշեց, որ այս թիւերը ցուցանիշներ են, թէ կացութիւնը կրնայ հակակշիռէ դուրս գալ եւ մղել, որ տարուած աշխատանքը դարձեալ զերոյէն սկսի:

Համատ Հասան ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ որդեգրուած բոլոր միջոցառումները տակաւին ի զօրու են` աւելցնելով, սակայն, որ հարցը քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններէն հրաժարելու եւ ճշդուած կարեւոր մեթոտներու խախտման մէջ կը կայանայ:

Ան շեշտեց, որ նախազգուշութիւններէն աստիճանական կերպով պէտք է հրաժարիլ եւ ոչ ուղղակի: «Տնտեսական ահաւոր ու դժուար կացութիւնը պէտք չէ պատճառաբանութեան վերածուի, թէեւ այդ մէկը արդարացի է, սակայն կարելի չէ զայն համեմատել Լիբանանի վճարելիք շատ սուղ գինին հետ` երբ «Քորոնա»-ի համաճարակը կայծակնային արագութեամբ տարածուի ամբողջ երկրին մէջ: Պէտք է ըմբռնել, որ Լիբանանի առողջապահական մարզն ու համակարգը ի վիճակի չեն աշխարհի յառաջդիմած երկիրներուն նման կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու եւ նման արտակարգ հետեւանքներուն դէմ յանդիման գտնուելու», դիտել տուաւ Հասան:

Առողջապահութեան նախարարը հաստատեց, որ կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ շաբթուան վերջին երեք օրերուն երկիրը լրիւ փակելու որոշում տալու` երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նախազգուշութիւններն ու կանոնները վերականգնելու համար:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 859-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 14 նոր պարագաներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 234 ուրիշներ` բուժուած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու «Փի. Սի. Ար.»-ի 509 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ տեղացիներուն մէջ արձանագրուած են 12 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած 40 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց արդիւնքները երէկ արձանագրած են 2  դրական պարագաներ:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր յայտնեց, որ Զինուորական ատեանին մէջ ծառայող ոստիկաններուն «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ ատեանին աշխատանքները դադրին, հետեւաբար ատեանը մինչեւ 24 մայիս 2020, նոր դատեր ստանձնելու կամ գործելու ի վիճակի պիտի չըլլայ: Ան նշեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած զինուորական ոստիկանները մեկուսացած են եւ առողջապահական համապատասխան խնամքի կ՛արժանանան:

Նշենք, թէ «Քազինօ տիւ Լիպան», որ պատրաստուած էր երէկ իր դռները վերաբանալու, յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու արշաւին շրջագիծին մէջ պիտի շարունակէ իր դռները ցնոր տնօրինութիւն փակ պահել` յանձնառու մնալով ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի այն յայտարարութեան, թէ ընդհանուր զօրաշարժը պիտի երկարաձգուի մինչեւ Գ. փուլ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Բոլոր Համայնքներուն, Յատկապէս Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Իրաւունքներուն Յանձնառու Կը Մնամ»

Յաջորդը

Երեւանի Քաղաքապետարանը Դէմ Է Արամ Մանուկեանի Կենսագրական Տուեալներով Ցուցանակի Տեղադրման

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.