Լիբանանեան

Իսրայէլեան Ներխուժման Վտանգին  Եւ Զարկերու Տարափին Տակ.  Զինադուլի Բանակցութեանց Հնգեակի  Գործուղման Սերտ Ճիգեր` Զանազան  Ուղղութիւններով

Իսրայէլեան Ներխուժման Վտանգին Եւ Զարկերու Տարափին Տակ. Զինադուլի Բանակցութեանց Հնգեակի Գործուղման Սերտ Ճիգեր` Զանազան Ուղղութիւններով

Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ շեշտակիօրէն շարունակուած պատերազմական գործողութիւնները եկան հաստատելու երկրին մէջ զարկերու շարունակման եւ բանակցութեանց մեկնարկին գծով տիրող շփոթ մթնոլորտը: Արդարեւ, զինադուլի շուրջ յանձին նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Լիբանանի առաջադրած բանակցութեանց մեկնարկի ծրագիրին գծով հակասական կեցուածքներ դրսեւորուեցան պատկան, յատկապէս իսրայէլեան կողմերէն մերթ յայտնելով, թէ Իսրայէլ ներկայիս համաձայն չէ բանակցութեանց սեղանին նստելու, միւս կողմէ` իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն լիբանանեան թղթածրարը ստանձնած նախկին նախարար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱԼՃԵՐԻՈՅ նախագահ Ապտել Մաժիտ Թապպուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Ճոզեֆ Աունի հետ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով Լիբանանին, անոր այս ճգնաժամի օրերուն: Ալճերիոյ նախագահը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց լիբանանցիներու մտահոգիչ կացութիւնը մեղմացնող ճիգերուն մասնակից դառնալու: . ԵՐԿՐԻՆ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին ու տեղահանուածներու հոգածութեան ճիգերուն ծիրին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախագահեց կառավարական հերթական հանդիպումին, ուր առանցքային օրակարգ էին`...

Գոյութենական Պատերազմական  Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Գրաւը Կը Դնէ Դիւանագիտական  Ճիգերու Արդիւնաւորման Վրայ

Գոյութենական Պատերազմական Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Գրաւը Կը Դնէ Դիւանագիտական Ճիգերու Արդիւնաւորման Վրայ

Այն միջոցին, երբ Իսրայէլ կը շարունակէ կիրարկել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Կազայի Խան Եունեսի վերածելու եւ Լիբանանը գոյութենական պատերազմի մղելու գործելակերպը, պաշտօնական Լիբանան իր գրաւը կը դնէ դիւանագիտութեան վրայ: Արդարեւ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն վարչապետ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ համախոհութեամբ վարած իր ջանքերուն մէջ լիայոյս է, որ այլազան մակարդակներու վրայ տարուող դիւանագիտական ճիգերը պիտի արդիւնաւորուին, եւ կացութիւնը բարւօք եզրայանգումի...

Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութեան Գծով.  Դոկտ. Պայրագտարեանի Հաղորդագրութիւնը

Նախարար Պայրագտարեան Կ՛ողջունէ Կութիերեսի Այցելութիւնը

Երէկ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ողջունելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնը ընկերային ցանցի «Էքս» հարթակին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնն ու անոր կառավարութեան զօրակցութիւնը եւ տեղահանուածներու ի սպաս տարուող մարդկային օժանդակութեան ճիգերու իր աջակցութիւնը պերճախօս ցուցանիշեր են հաստատութիւններու բազմակողմանի համագործակցութեան ծիրին` միջազգային հարցերու լուծման  եւ քաղաքական ու ընկերային այլազան...

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Պուրճ Համուտի Մօտակայ Շրջանին Մէջ Բնակարան Մը

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Պուրճ Համուտի Մօտակայ Շրջանին Մէջ Բնակարան Մը

13 մարտի կանուխ առաւօտուն Իսրայէլ հրթիռակոծեց Նապպա-Միրնա Շալուհի շրջաններուն  սահմանագիծին վրայ գտնուող շէնքի մը բնակարանը։ Այս շրջանները նաեւ շատ մօտիկ են հայաբնակ Պուրճ Համուտին, որ, բարեբախտաբար, նիւթական կամ մարդկային վնասներ չկրեց։ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մէկ մասը լսեց ռմբակոծումին ձայնը։

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

Անցնող 28 փետրուարէն ի վեր Իրանի դէմ բռնկած իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակողական արշաւը եւ ապա 2 մարտին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները հետզհետէ կը քողազերծեն Իսրայէլի իսկական նպատակները շրջանին ու Լիբանանի դէմ, սկսելով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւաններ ու Պեքայի եւ Պաալպեքի տարածքները: Վերջին 48 ժամերու զարկերը սակայն յարձակումները կը դասեն նոր ու վտանգաւոր ուղղութեամբ: Այս փուլին չհասնելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրին, որուն հետ քննեց այս մարզի գործունէութեան արդիւնաւորման նպաստող քայլերը եւ առ այդ գործատէրերուն անհրաժեշտ տարրական սարքերու ու կազմածներու հայթայթման կարելիութիւնները: Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Ճօ Սըտտին, որուն հետ քննեց քաղաքացիներուն եւ վաճառականներուն ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը մնայուն կերպով ապահովելու քայլերը: ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ արտակարգ...

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

Տասներորդ օրն ըլլալով, երէկ իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին իրենց յարձակումները հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ Պեքայի ու Պաալպեքի մերձակայքը` պատճառելով զոհեր եւ նիւթական կորուստներ: Այս մասին իր հերթական զեկուցումին մէջ Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան շարունակուող հարուածներուն պատճառած տեղահանուածներու պաշտօնական ընդհանուր թիւը, որ արձանագրուած է նախարարութեան տրամադրած կայքին վրայ, հասած է 816 հազարի: Ասոնցմէ հազար...

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները  Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի  Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

Վերջին քանի մը օրերու ապահովական ու զինուորական զարգացումները իրենց հետեւանքներով շեշտակիօրէն եկան զգուշացնելու լիբանանեան պատկան կողմերը, թէ «դանակը հասած է կոկորդին», եւ ժամանակն է գործնական քայլերու դիմելու, եթէ վճռած են տէր կանգնիլ իրենց հայրենիքին: Փաստօրէն թշնամին հերթաբար կը գործադրէ Լիբանանի դէմ յղած իր հեգնական ազդարարութիւնները: Կը բաւէ յիշել, օրինակ, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարին «Պէյրութի Հարաւային արուարձանները մօտ ատենէն Կազայի Խան Եունես...

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

Լիբանանի մէջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմական գործողութիւններու եւ արձանագրուող աւերներու եւ մարդկային կորուստներու մթնոլորտին մէջ պաշտօնական Լիբանան ընդլայնեց իր շփումներու ծիրը: Այս իմաստով նախագահ Ժոզեֆ Աուն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի հրաւէրով երէկ «զում»-ի միջոցով հեռավար զրոյցի ընթացքին վերահաստատեց լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Հըզպալլայի զինեալ  գործունէութիւնը արգիլելու որոշումը եւ պարզեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը իսրայէլեան...

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուող իսրայէլեան յարձակումներուն լոյսին տակ Լիբանանի խորհրդարանը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարելով երկու տարիով երկարաձգեց իր գործունէութեան աւարտի ժամկէտը 76 ձայներու մեծամասնութեամբ:  41 երեսփոխաններ  դէմ քուէարկեցին, իսկ 4 երեսփոխաններ սպիտակ քուէ նետեցին: Խորհրդարանի այս քայլին դէմ կարգ մը երեսփոխաններ քննադատական կեցուածքով մերժեցին կատարուածը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ մերժելով պատահածը յայտնեց, որ զայն չեղարկելու դիմում պիտի...

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

Այն միջոցին, երբ Հըզպալլա շեշտակիօրէն ընդարձակեց Իսրայէլի դէմ իր յարձակումները` հասնելով մինչեւ Թել Աւիւի յատկապէս արհեստագիտական եւ ելեկտրոնային կառոյցները, Իսրայէլ փոխադարձաբար թիրախաւորեց հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու զանազան շրջանները` շարունակելով իր ազդարարութիւնները շրջանի բնակիչներուն հեռանալու իրենց բնակած վայրերէն: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հայեացքները հիմնականին մէջ ուղղուած են լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային ուղղութեամբ: Աւելի՛ն, անոր հարուածները սկսան կեդրոնանալ յատկապէս Հըզպալլայի կառոյցներու...

Իսրայէլեան Յարձակումներու  Սաստկացման Զուգահեռ.  Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ  Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

Վերջին օրերուն իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին Լիբանանի վրայ իրենց յարձակումները յաւելեալ ծանր թափով` պատճառելով նորանոր զոհեր ու վիրաւորներ, նիւթական հսկայական կորուստի կողքին: Արդարեւ, շաբաթավերջին, յատկապէս ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան յատուկ խմբակ մը լիբանանեան բանակի տարազով ծպտուած անակնկալ կերպով Պեքայի Խըրպել աւանէն ցամաքային ներթափանցում կատարեց դէպի Պաալպեքի Նեպի Շիթ շրջանը: Խմբակին կ՛ընկերանար նոյնպէս լիբանանեան նշաններով ծպտուած շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը:...

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

Անցեալ շաբաթ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմաններուն վրայ փախստականներու եւ օրինազանց տարրերու «զսպումի ճիգերը» որոշ մտահոգութիւններ ստեղծած էին լիբանանեան կարգ մը շրջանակներու մօտ` սուրիական ուժերու հաւանական թափանցումի եւ կարգ մը զինեալ խմբաւորումներու թիրախաւորման հաւանականութեան գծով: Այս մթնոլորտի լոյսին տակ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարեհ անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ` անոր ներկայացնելով սուրիական ուժերու տեղակայումը լիբանանեան-սուրիական սահմանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՆՏԻՈՔԻ եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եոհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Անտիոքի եկեղեցիներուն անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Սուրի եւ Սայտայի վրայ կատարուած յարձակումներու լոյսին տակ: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլա փորձած է հաղորդակցութեան կապեր յառաջացնել նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, սակայն երկու կողմերն ալ խուսափած են ներկայիս ընդառաջելէ նմանօրինակ որեւէ...

Հակառակ Դիւանագիտական  Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

Հակառակ վերջին օրերու դիւանագիտական ու քաղաքական միջամտութեան սերտ ճիգերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանի հարաւային թէ մայրաքաղաքի մերձակայ շրջանները` ահ ու սարսափի մատնելով խնդրոյ առարկայ թիրախաւորուող շրջաններու բնակիչները, որոնց շարքին արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ` ահաւոր աւերի եւ նիւթական հսկայական կորուստներու կողքին: Փաստօրէն Իսրայէլ լծուած է յաճախակի թիրախաւորումի ենթարկել իր վարկածով «կասկածելի» շրջաններ, մերթ նախօրօք զգուշացնելով բնակիչները, մերթ անակնկալօրէն...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս»  Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ վերջին 48 ժամուան ընթացքին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի տասնեակներով սպաներ հեռացած են Պէյրութէն` Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորուելու մտավախութիւններու լոյսին տակ: Իսրայէլացի պաշտօնատարներու կարծիքով` ատիկա արդիւնք է նկատառելի մագլցումի մը. Իսրայէլ այս ամսուան սկիզբէն ի վեր յաջողեցաւ Թեհրանի մէջ ահաբեկել «Քուտս» ջոկատի Լիբանանի միաւորի հրամանատարը, իսկ Պէյրութի մէջ` անոր տեղակալը: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ Լիբանանի մէջ...

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի.  Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի. Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

Վեցերորդ օրն ըլլալով շրջանին մէջ Իրանի դէմ բռնկած Իսրայէլ-ամերիկեան պատերազմի հետզհետէ սաստկացող զարկերը կու գան բացայայտելու, թէ կատարուածը օրուան ծնունդը չէ: Խորքին մէջ դէպքերը իրենց հետեւանքներով կը մերկացնեն ցարդ տողընդմէջ փոխանցուած անուղղակի պատգամները, թէ Միջին Արեւելքը (եթէ ոչ անոր մերձակայ երկիրներն ալ) կը գտնուի փոփոխութեան երկունքի մէջ: Երկունք, ուրկէ ծնելիք կամ բխելիք շրջանի նոր դիմագիծը  կախեալ է կողմերու ուժային հաւասարակշռութեան...

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Կռնակէն Մի՛ Հարուածէք  Դիմադրութիւնը` Խաղաղութեան  Թէ Պատերազմի Շրջանին»

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Կռնակէն Մի՛ Հարուածէք Դիմադրութիւնը` Խաղաղութեան Թէ Պատերազմի Շրջանին»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ չորեքշաբթի երեկոյեան պատկերասփռուած ելոյթ ունեցաւ, ուր անդրադարձաւ Լիբանանի վրայ կատարուած իսրայէլեան նորագոյն յարձակումներուն եւ այս գծով Հըզպալլայի ու լիբանանեան իշխանութեան կեցուածքին: «Այս պատերազմը կապ չունի որեւէ այլ պատերազմի հետ», ընդգծեց Հըզպալլայի ղեկավարը` նշելով, որ Հըզպալլա յանձնառու է ինքնապաշտպանութեան եւ իսրայէլեան ու ամերիկեան նպատակներու եւ ծրագիրներու ձախողեցման: Ան դիտել տուաւ, թէ Դիմադրութեան հակադրուողներուն հետ նոր...

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց  Բանակի Հրամանատարին

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի` բանակի Եարզէի հրամանատարական կեդրոնին մէջ: Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ զինուորական հաստատութեան զօրակցութիւնը պատահական չէ, այլ անիկա կը բխի ազգային հաստատ ընտրանքէ` զայն նկատելով Լիբանանի միասնականութեան ու ապահովութեան գլխաւոր երաշխիքը ծառացող մարտահրաւէրներու դիմաց: Պասիլ շեշտեց, որ բանակը հեռու պէտք է...

Page 48 of 985 1 … 47 48 49 … 985

Արխիւներ