Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

March 6, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի` բանակի Եարզէի հրամանատարական կեդրոնին մէջ: Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ զինուորական հաստատութեան զօրակցութիւնը պատահական չէ, այլ անիկա կը բխի ազգային հաստատ ընտրանքէ` զայն նկատելով Լիբանանի միասնականութեան ու ապահովութեան գլխաւոր երաշխիքը ծառացող մարտահրաւէրներու դիմաց: Պասիլ շեշտեց, որ բանակը հեռու պէտք է պահել քաղաքական ներգրաւուածութիւններէ եւ նպաստել անոր կարողութիւններու ամրապնդման, որպէսզի բանակը իր կարգին ամբողջականօրէն ու կատարելապէս իրագործէ երկրի գերիշխանութեան ու ներքին անդորրութեան ամրապնդման իր դերը:

Նաեւ Հանդիպում` Հայաստանի Դեսպան
Սարմէն Բաղդասարեանի Հետ

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր ընդունեց նաեւ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սարմէն Բաղդասարեանը` ներկայութեամբ Րաֆֆի Խանճեանի:

Նմանապէս, Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրու Պարնզ` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ դոկտ. Նաժի Հայեքի եւ Պասիլի գրասենեակի տնօրէն Փասքալ Տահրուժի:

Այս առիթով խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ, յատկապէս շրջանային ու լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Խօսակցութիւնները նաեւ շեշտեցին Լիբանանի կայունութեան ու անոր գերագոյն շահերուն ի սպաս ծառայող երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացումը:

Նախորդը

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

Յաջորդը

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Կռնակէն Մի՛ Հարուածէք Դիմադրութիւնը` Խաղաղութեան Թէ Պատերազմի Շրջանին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.