Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ներխուժման Վտանգին Եւ Զարկերու Տարափին Տակ. Զինադուլի Բանակցութեանց Հնգեակի Գործուղման Սերտ Ճիգեր` Զանազան Ուղղութիւններով

March 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ շեշտակիօրէն շարունակուած պատերազմական գործողութիւնները եկան հաստատելու երկրին մէջ զարկերու շարունակման եւ բանակցութեանց մեկնարկին գծով տիրող շփոթ մթնոլորտը:

Արդարեւ, զինադուլի շուրջ յանձին նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Լիբանանի առաջադրած բանակցութեանց մեկնարկի ծրագիրին գծով հակասական կեցուածքներ դրսեւորուեցան պատկան, յատկապէս իսրայէլեան կողմերէն մերթ յայտնելով, թէ Իսրայէլ ներկայիս համաձայն չէ բանակցութեանց սեղանին նստելու, միւս կողմէ` իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն լիբանանեան թղթածրարը ստանձնած նախկին նախարար Ռոն Տերմեր շաբաթավերջին Սէուտական Արաբիա այցելած է:

Աւելի՛ն, նախարար Էլի Քոհենի վերագրելով իր տեղեկութիւնները, իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ կը մտադրէ չեղեալ յայտարարել 2022-ին Լիբանանի հետ կնքուած ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը:

Թերթը միաժամանակ կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւնները մօտերս կրնան սկսիլ առանց մտահան ընելու ցամաքային ներխուժման հաւանականութիւնը, որուն գծով Իսրայէլ նախօրօք ազդարարած էր: Նոյն ծիրին մէջ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակէն պահանջած է լիբանանեան նոր թիրախներ ճշդել` վաւերացնելու համար անոնց թիրախաւորման որոշումը: Իսկ Տերմեր սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վաղորդայնին պարզուելիք կացութիւնը, յատկապէս` Լիբանանի, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութեանբ բանակցութեանց հնգեակի քննարկելիք հարցերու ստանալիք եզրայանգումին շուրջ:

Ֆրանսա իր կարգին կը ջանայ իր նախաձեռնած խաղաղարար միջնորդութեան ճիգերը «պսակել» դրական ելքերով, միաժամանակ կոչ ուղղելով Իսրայէլին եւ Հըզպալլային դադրեցնելու իրենց յարձակումները:  Իսկ «Իսրայէլ Հայոմ» իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետին վերագրելով իր տեղեկութիւնները կը յայտնէ, թէ զինուորական գործողութեանց դադրեցման համար Ս. Զատկուան առաջին օրը` 1 ապրիլը հաւանական ժամկէտ կը նկատուի: Եւրոպացի դիւանագէտի մը համաձայն, Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները կրնան կանգ առնել յառաջիկայ 72 ժամերուն ընթացքին` դիտել տալով, թէ արդէն իսկ այս գծով Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները ուժգին թափ ստացած են:

Նմանապէս, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի լծուած է զինադուլի գծով դրական կեցուածքներ ապահովել: «Մեր շրջանը կը գտնուի պատմական քառուղիի դիմաց եւ մենք ճիգ չենք խնայեր մարելու համար Ծոցին մէջ բռնկած պատերազմին բոցը», ընդգծեց Սիսի:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր երկրի մտավախութիւնը յայտնեց, որ Իսրայէլ ցեղային մաքրագործման լծուի Հըզպալլայի դէմ իր ձեռնարկած դիմակալման (մուքաֆահաթ) պիտակին տակ: Թուրք դիւանագէտը այս առիթով սաստիկ կերպով ազդարարեց Իսրայէլը նման արկածախնդրական քայլի դիմելէ:  Միաժամանակ նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ձեռնարկած խաղաղարար ճիգերը: Կը մնայ, որ պատերազմական գործողութեանց դադրեցման գծով  առաջադրուած ապրիլ 1-ի ժամկէտը ապրիլ մէկի կատակ չդառնայ:

Նաեւ Ապահովական Խախտումներ

Բանակցութեանց մեկնարկի հաւանականութեան առընթեր, շաբաթավերջին սաստիկ կերպով շարունակուեցան զինեալ փոխադարձ գործողութիւնները Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ: Արդարեւ, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններն ու Պեքայի կարգ մը աւանները դարձեալ իսրայէլեան հրթիռարձակման թիրախ դարձան պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ, հսկայական աւերի կողքին:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր շաբաթ կանուխ առաւօտուն Պուրճ Համուտի ծայրամասին Նապաայի կից թիրախաւորուած շէնքին դէմ երկրորդ անգամ ուղղուած յարձակումը, որ պատճառեց մէկ զոհ եւ վիրաւոր մը: Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ առ ի նախապատրաստութիւն իր ազդարարած ներխուժման Իսրայէլ սկսած է Լիբանանի հարաւը երկրի մնացեալ տարածքին միացնող կամուրջներէն բաժնել` քանդելով այդ ուղղութեամբ գտնուող ճամբաներն ու կամուրջները, որոնց  նորագոյն պատկերը պարզուեցաւ Խարտալի կամուրջի քանդումով:

Իսկ կենսոլորտի փոփոխութիւնն ու անձրեւի տեղատարափը առաւել եւս դժուարացուցին տեղահանուածներու առանց այդ ալ ոչ նախանձելի վիճակը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մերց Եւ Եւրոպացի Ղեկավարները Կը Պահանջեն Արգիլել Ռուսիոյ Զինուորական Յատուկ Գործողութեան Մասնակիցներու Եւրոպական Միութիւն Մուտքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.