Լիբանանեան

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի  Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն

Համաշխարհային պատերազմի մահաբոյր մտավախութիւններ առթող Իրան-Իսրայէլ պատերազմի «խմորը շատ ջուր պիտի վերցնէ», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային ասացուածքը: Փաստօրէն այս մասին արդէն իսկ մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները թեր ու դէմ եզրայանգումներ կը կատարեն այս պատերազմի ճակատագիրին գծով: Այլ խօսքով` այն միջոցին, երբ պատերազմի շարունակման տարբեր «բեմագրութիւններ» կամ պատկերացումներ կը հրապարակուին, ամերիկեան ազդեցիկ թերթի մը (Նիւ Եորք Թայմզ ) համաձայն, իրանցի եւ ամերիկացի գաղտնի...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ  Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան  Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական  Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ

Սուրիական եւ լիբանանեան 8 աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Սուրիա Լիբանանի հետ իր սահմանները ամրապնդած է հրթիռային միաւորներով եւ հազարաւոր զինուորներով, մինչ շրջանին մէջ հակամարտութեան, ներառեալ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ հակամարտութեան տարողութիւնը կ՛ընդլայնի: Սուրիացի սպաներ, որոնց շարքին բարձրաստիճան սպաներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այս քայլին նպատակը զէնքերու եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգման արգիլումն է, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի կամ որեւէ զինեալ այլ...

Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ`  Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին

Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ` Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին

Հարաւային Լիբանանի թէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն ուղղութեամբ իսրայէլեան յարձակման գլխաւոր թիրախ դարձան Լայլաքի, Հատաթ, Հարեթ Հրէյք եւ այլ շրջաններ նախօրօք յայտարարած ազդարարութիւններէն ետք: Իսրայէլեան անօդաչու սարքեր երէկ` չորեքշաբթի դարձեալ շարունակեցին շրջիլ հարաւային Լիբանանի թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերեւ, ահաւոր տաղտուկ ստեղծելով մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Իսրայէլ նախքան իրանցի դիւանագէտներու Լիբանանէն հեռանալ հրահանգող իր սպառնալիքի ժամկէտի աւարտը երէկ այգաբացին ռմբակոծեց Պէյրութի արեւելքը...

Իսրայէլեան Ուժերու Լիբանան  Ներխուժման Լոյսին Տակ

Իսրայէլեան Ուժերու Լիբանան Ներխուժման Լոյսին Տակ

Իրանէն մինչեւ Լիբանան տարածուող իսրայէլեան զինուորական ոտնձգութիւնները շարունակուեցան նաեւ երէկ` հետզհետէ առաւել եւս խորացնելով այս ուղղութեամբ ծառացող մտավախութիւնները: Արդարեւ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու բանբերը յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժեր շրջանցած են հարաւային Լիբանանի Կապոյտ գիծի սահմանները: Փոխադարձաբար, Իսրայէլ յայտարարեց, թէ իր բանակի 91-րդ ջոկատը ցամաքային ներխուժմամբ յաջողած է ռազմավարական բարձրադիր դիրքերու վրայ տեղակայուիլ, ինչ որ իր հակակշիռին տակ կը պահէ իսրայէլեան հիւսիսային սահմանամերձ...

Պասիլ. «Դէմ Ենք Իրանի Զօրակցութեան»

Պասիլ. «Դէմ Ենք Իրանի Զօրակցութեան»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, ուր ան դէմ արտայայտուեցաւ Իրանի կողմէ Ծոցի երկիրներուն վրայ կատարուած յարձակումներուն մասին: Պասիլ նաեւ դէմ արտայայտուեցաւ Իրանի զօրակցութեան Հըզպալլայի կեցուածքին` դիտել տալով, որ նման քայլ մը միայն զոհ ու աւեր կը պատճառէ Լիբանանին:  

Երկրագործութեան Նախարարութիւնը  Առժամեայ Կեդրոն Կը Յայտարարէ

Երկրագործութեան Նախարարութիւնը Առժամեայ Կեդրոն Կը Յայտարարէ

Երկրագործութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ երկրի ծանօթ պայմաններուն բերումով քաղաքացիներուն վերաբերող հարցերու քննարկումները ժամանակաւորապէս տեղի պիտի ունենան Լեռնալիբանանի Ֆըրն Շըպպեքի կեդրոնին մէջ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԵՐԷԿ երեկոյեան իսրայէլեան բանակի բանբերը դարձեալ ազդարարած է հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Սուրի բնակիչները հեռանալու որոշ վայրերէ` թելադրելով մօտիկ ապագային չվերադառնալ: . ԻՍՐԱՅԷԼ երէկ անակնկալ յարձակում գործեց Սայտայի Պասաթին թաղամասին մէջ Ժամաա իսլամիայի մէկ կեդրոնին վրայ, արձանագրուեցան  կարգ մը վիրաւորներ եւ նիւթական կորուստներ: . ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ երեկոյեան դարձեալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, որուն ընթացքին ան թուեց...

Ապահովական Դրութեան  Վատթարացման Զուգահեռ.  Կառավարութիւնը Աննախընթաց Քայլով Մը  Որոշեց Արգիլել Հըզպալլայի Ապահովական  Եւ Զինուորական Գործունէութիւնը`  Զայն Օրէնքէ Դուրս Համարելով

Ապահովական Դրութեան Վատթարացման Զուգահեռ. Կառավարութիւնը Աննախընթաց Քայլով Մը Որոշեց Արգիլել Հըզպալլայի Ապահովական Եւ Զինուորական Գործունէութիւնը` Զայն Օրէնքէ Դուրս Համարելով

Շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի վրայ սկսած յարձակումներու մահաբոյր սլաքներէն անմասն չմնաց նաեւ Լիբանան, երբ երկուշաբթի այգաբացին Հըզպալլա յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Իրանին եւ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի ուղղութեամբ` առանց նկատառելի վնասներ պատճառելու: Հըզպալլայի այս քայլը, որ հիմնականին մէջ առնուած էր իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի սպանութեան, յարմար պատրուակ ծառայեց Իսրայէլին: Արդարեւ, երէկ` երկուշաբթի, 2...

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Հետեւեցաւ Մայրաքաղաքի  Կացութեան Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Հետեւեցաւ Մայրաքաղաքի Կացութեան Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարի, Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտի, Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու: Ժողովին հիմնական օրակարգը կեդրոնացաւ մայրաքաղաքի մէջ տարուող քայլերուն վրայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի տեղահանուածներու տարրական կարիքներուն առնչուող հարցերուն եւ ընդհանուր ծառայութեանց կարգաւորման քայլերուն: Նաեւ` Մակրոյի Հետ Հանդիպում Վարչապետ Սալամ...

Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Գծով  Կառավարութեան Որոշումը Սքանչելի Է,  Իսկ Բանակի Գծով Խորհրդաժողովի Յետաձգումը Սխալ Է»

Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Գծով Կառավարութեան Որոշումը Սքանչելի Է, Իսկ Բանակի Գծով Խորհրդաժողովի Յետաձգումը Սխալ Է»

«Կառավարութեան վերջին որոշումները կը մեկնին Թաէֆի համաձայնագիրի հիմնական ուղղութիւններէն», յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան` անդրադառնալով Լիբանանի ապահովական վիճակին եւ այս գծով Հըզպալլայի ներգրաւուածութեան իրողութեան: Ան «սքանչելի» որակեց կառավարութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական քայլերու դադրեցման ու անոր կուսակցական քայլերը քաղաքական գործունէութեամբ սահմանափակելու պահանջը: Միւս կողմէ Ժոմպլաթ «մեծ սխալ» որակեց լիբանանեան բանակի զօրակցութեան գծով մօտերս նախատեսուող խորհրդաժողովին...

Պաշտպանութեան Բարձրագոյն  Խորհուրդը Կը Յայտարարէ.  «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի  Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

Պաշտպանութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. «Խաղաղութեան Եւ Պատերազմի Որոշումին Միակ Տէրը Պետութիւնն Է»

Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրը երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հրաւէրով Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` բարձր գնահատելով լիբանանցիներուն կարգապահութեան ոգին, որ կու գայ հաստատելու այն սկզբունքները, որոնց կարեւորագոյնը Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւնն է: Խորհրուրդը շեշտեց, թէ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումին միակ տէրը պետութիւնն է, եւ լրատուամիջոցներէն խնդրեց պատասխանատուութեան ոգի ցուցաբերելու: Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը նաեւ վստահեցուց, թէ...

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Բոլորէն Կը Պահանջէ  Ամբողջական Յանձնառութիւն Ազգային  Պատասխանատուութեան Նկատմամբ Եւ Լիբանանի  Գերագոյն Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Դասել»

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Բոլորէն Կը Պահանջէ Ամբողջական Յանձնառութիւն Ազգային Պատասխանատուութեան Նկատմամբ Եւ Լիբանանի Գերագոյն Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Դասել»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր շրջանին մէջ հետզհետէ թափ ստացող զարգացումներուն եւ անոնց հաւանական հետեւանքներուն հետեւելու ծիրին մէջ կատարեց շարք մը հաղորդակցութիւններ, որոնք ներառեցին վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը: Ան նաեւ ուրբաթ օր խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է...

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Սալամ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛ուղղեմ` Խոհեմ Ու Հայրենասէր Ըլլալու Եւ Լիբանանի Ու Լիբանանցիներուն Շահերը Դասելու Որեւէ Հաշիւէ Վեր»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր յայտարարեց. «Շրջանին մէջ վտանգաւոր զարգացումներուն լոյսին տակ, դարձեալ բոլոր լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղեմ` խոհեմ ու հայրենասէր ըլլալու եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներու շահերը դասելու որեւէ հաշիւէ վեր, եւ կը վերահաստատեմ, որ պիտի չընդունինք, որ ոեւէ մէկը երկիրը ներքաշէ արկածախնդրութիւններու մէջ, որոնք կը վտանգեն անոր ապահովութիւնն ու ամբողջականութիւնը»: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց...

Շէյխ Քասեմ Կոչ Կ՛ուղղէ Լայնածաւալ  Պաշտօնական Ու Ժողովրդային Գործողութեան  Եւ Միջազգային Ճնշումի

Քասեմ Եւ Պըրրի Կը Գուժեն Խամենէի Սպանութիւնը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահը: «Մենք` Հըզպալլայի եւ Լիբանանի իսլամական դիմադրութեան մէջ, Խումէյնիի այս իսկական ուղիի բոլոր կողմնակիցներուն հետ, պիտի շարունակենք այս ուղին անսասան վճռականութեամբ եւ նահատակութեան ոգիով, որ չի ճանչնար յոգնածութիւն կամ ձանձրոյթ, եւ նուաստացում չ՛ընդունիր: Մենք միշտ պիտի ըլլանք ժիհատականներու առաջին գիծին վրայ` երկրի եւ...

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է`  Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել.  Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է` Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել. Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց. «Ասիկա երկարատեւ պատերազմ է` հետեւանքներով, զորս կարելի չէ երեւակայել»` յոյս յայտնելով, որ «Հըզպալլան Իսրայէլի պատրուակ չի տար Լիբանանի վրայ յարձակելու»: Ան պատերազմէն առաջ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւնները որակեց «թատրոն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ թշնամի երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սկիզբէն պատերազմը կ՛ուզէին, եւ բանակցութիւնները երեւոյթի համար էին եւ Իրանի համար անընդունելի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

.«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթի եւ «Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան տեղեակ պահուեցաւ Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովի յետաձգման մասին, եւ Մաքրոն նախագահ Աունի պիտի հեռաձայնէ պաշտօնապէս փոխանցելու համար, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ խորհրդաժողովը գումարել եւ պէտք է զայն յետաձգել»: . «ԺԱՏԻՏ». «Սէուտական Արաբիոյ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանը հեռաձայնեց լիբանանցի ղեկավարներու եւ Հնգեակ յանձնախումբի անդամներուն` Լիբանանը զերծ կացուցելու համար որեւէ հակամարտութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ կացութեան վատթարացման լոյսին տակ լիբանանեան ղեկավար մարմիններ ձեռնարկեցին դիւանագիտական սերտ շփումներու արտաքին պատկան կողմերու մօտ` կացութեան մեղմացման ու իրավիճակի կայունացման համար: ԿՐԹԱԿԱՆ նախարարութեան որոշումով լիբանանեան միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններն ու թեքնիք հիմնարկները փակ կը մնան այսօր` երեքշաբթի, 3 մարտին: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ համալսարանը կը շարունակէ փակ պահել իր բոլոր շրջաններու մասնաճիւղերը: ԵՐԷԿ երեկոյեան Հըզպալլայի աղբիւրներ հերքեցին, թէ...

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներու լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի կացութիւնները: Անոնք նաեւ անդրադարձան 5 մարտին Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի ընթացող նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ շէնքերու փլուզման դէպքերու կարգաւորման, անոնց...

Page 49 of 985 1 … 48 49 50 … 985

Արխիւներ