Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասներորդ օրն ըլլալով, երէկ իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին իրենց յարձակումները հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ Պեքայի ու Պաալպեքի մերձակայքը` պատճառելով զոհեր եւ նիւթական կորուստներ: Այս մասին իր հերթական զեկուցումին մէջ Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան շարունակուող հարուածներուն պատճառած տեղահանուածներու պաշտօնական ընդհանուր թիւը, որ արձանագրուած է նախարարութեան տրամադրած կայքին վրայ, հասած է 816 հազարի: Ասոնցմէ հազար անձ տեղաւորուած են հիւրընկալման 590 կեդրոններու մէջ: Այլ աղբիւրներու համաձայն, աւելի քան մէկ միլիոն անձեր տեղահանուած են իրենց բնակարաններէն` տրուած ըլլալով, որ տեղահանուածներէն բազմաթիւ անձեր տակաւին չեն արձանագրուած նախարարութեան նշած կայքին վրայ:

Զուգահեռաբար լիբանանեան վարչամեքենան լծուած է պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած խնդրայարոյց իրավիճակէն դուրս գալու նուազագոյն կորուստներով ու կացութեան «ջուրի երեսը» փրկելու հոն, ուր ձեռնտու է: Խնդրայարոյց իրավիճակ` նկատի ունենալով հին, բայց վերանորոգ միջլիբանանեան բանավէճը` երկրին մէջ պարզուող իրավիճակին շուրջ տարբեր կեցուածքներու լոյսին տակ: Այս մթնոլորտին նորագոյն ցուցանիշն էր երէկ երեսփոխան Էլիաս  Ժրատիի «վտարումը» հարաւի Քլէյհայի աւանին մէջ հայր Փիեռ Ռայիի յուղարկաւորութեան ընթացքին: Արդարեւ, սգակիր ամբոխը իր ցասումը արտայայտեց երեսփոխան Էլիաս Ժրատիի դէմ, որ ծանօթ է Դիմադրութեան զօրակցութեան իր կեցուածքներով: Նոյն ծիրին մէջ սգակիրները իրենց պոռթկումը դրսեւորեցին նաեւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի դէմ` հարց տալով. «Դուք Լա՞հտի, թէ՞ լիբանանեան բանակի հրամանատարն էք»: Զօրավար Հայքալ յատուկ ուղղաթիռով Քլէյհայի աւան այցելած էր ցաւակցութիւն յայտնելու հայր Փիեռ Ռայիի յուղարկաւորութեան մասնակցած սգակիրներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:  Նշենք, որ Լիբանանի երկարատեւ պատերազմի ընթացքին լիբանանցի բանակային զինուորականներ գործուղուեցան դէպի հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններ, ուր իսրայէլեան ուժերու հետ գործակցաբար Սաատ Հատտատէն ետք զօրավար Անթուան Լահտի ղեկավարութեամբ հսկեցին հարաւային Լիբանանի ապահովութեան պահպանման:

Քաղաքական-դիւանագիտական ոլորտին մէջ եւս պաշտօնական Լիբանան ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին յանձին Լիբանանի  դեսպանին, միաժամանակ Հըզպալլայէն եւ Իսրայէլէն պահանջեց դադրեցնել իրենց զինուորական գործողութիւնները: Մինչ Իսրայէլի ներկայացուցիչը Լիբանանը ազդարարեց գործադրելու Հըզպալլան ապազինելու խոստումը, այլապէս զարկերը շարունակելու սպառնալիքով: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է, որ Իսրայէլ կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտին ընդլայնել 120 քմ երկայնքով եւ 6 քմ լայնքով: Մինչ Նեթանիահու ցարդ կը մերժէ զինադուլի բոլոր առաջարկները` լիբանանեան «խաղաքարտը» յաղթական պահելու ձեռքին, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւններուն հիւսիսային շրջանի իր բնակեցման վայրերու բնակիչներուն (չըսելու համար ընտրողներուն) կարենայ յայտարարել, թէ ինք ապահոված է անոնց կեցութիւնը շրջանին մէջ` արգելակիչ գօտիի հաստատումով եւ Հըզպալլան ապազինելով: Իրենց կարգին, Միացեալ Նահանգներ Լիբանանէն պահանջեցին փութացնել Հըզպալլայի ապազինումը` նորանոր զոհերու եւ աւերներու առաջքն առնելու համար:

Զինադուլի Առաջարկներ Եւ
Քուլիսային Շփումներ

Պատերազմական օրըստօրէ սաստկացող մթնոլորտին մէջ պատկան կողմեր լծուեցան տագնապի լուծման գործնական քայլերու փնտռտուքին: Այս ծիրին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունի առաջադրած զինադուլի շուրջ բանակցութեան ծրագիրը կը սպասէ հակադիր կողմի պատասխանին: Այն միջոցին, երբ նախնական տեղեկութիւններու համաձայն Իսրայէլ մերժած էր նոյնիսկ քննել նախագահ Աունի առաջարկը` «այլեւս ուշ է» ըսելով,  հաւաստի այլ աղբիւրներ նշեցին, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Լիբանանի առաջարկը:

Սպասելով Լիբանանի նախագահին յղած առաջարկի պատասխանին` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նոյնպէս զինադուլի անջատ լուծման ծրագիր ներկայացուցած է պատկան կողմերուն` նախ եւ առաջ պահանջելով Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի կողմէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը:

Նոյն ծիրին մէջ, լրատուական իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, եւրոպական երկու պետութիւններ քուլիսային շփումներու ձեռնարկած են` կապ հաստատելու համար Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ, տագնապի լուծման առաջադրանքով:

Նմանապէս կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մօտերս (շատ հաւանաբար վաղը` ուրբաթ) Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին իր կարգին զինադուլի թէ տագնապի լուծման ծրագիրի առաջարկ ներկայացնէ պատկան կողմերուն:

Նաեւ` Ապրուստի Կենցաղային Եւ
Ընկերային Հարցերու Ծիրին Մէջ

Լիբանանեան ճիգերը շարունակուեցան նաեւ ժողովրդային տարրական կարիքներու` ապրուստի, կենցաղային թէ ընկերային առումով: Այս գծով պատկան կողմերու դիմումներուն ընդառաջելով երէկ Լիբանան հասան Յորդանանի եւ Ֆրանսայի կողմէ տրամադրուած նպաստի առաջին օժանդակութիւնը: Իմացուեցաւ, թէ գալիք օրերուն օժանդակութեան նոր բաժիններ պիտի հասնին Ֆրանսայի եւ  Եւրոպական Միութեան կողքին նաեւ Եգիպտոսէն:

Այս գծով նախագահ Աուն հարաւային Լիբանանի խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Հայտարի հետ քննարկեց հարաւի բնակչութեան եւ թիրախաւորուած վայրերու հոգածութեան գծով տարուող ճիգերու մանրամասնութիւնները: Նախագահ Աուն նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ղրկած օժանդակութեան համար:

Մինչ այդ, իսրայէլեան անօդաչու սարքեր շարունակեցին շրջիլ Պէյրութի, յատկապէս Հարաւային արուարձաններու եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ: Մինչեւ երէկ երեկոյեան ժամը ինը արդէն իսկ երեք ազդարարութիւն տուած ըլլալով, երկու ուժգին հրթիռային յարձակման պայթումներ ցնցեցին Հարաւային արուարձաններու յատկապէս Հատաս, Լայլաքի եւ Պըրժ Պարաժնէ շրջանները: Նշենք, որ Հարաւային արուարձանները երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հինգ անգամ ռմբակոծուած էին:  Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ հիմնականին մէջ թիրախաւորուեցան Սուրի եւ մերձակայ շրջանները:

 

 

 

Նախորդը

Թեհրանի Հայկական Թաղամասին Մէջ Բնակելի Շէնքի Մը Վրայ Հրթիռային Յարձակում

Յաջորդը

Թուրքիա Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ 6 «Էֆ-16»-եր Եւ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգեր Զետեղեց75

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.