Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Կռնակէն Մի՛ Հարուածէք Դիմադրութիւնը` Խաղաղութեան Թէ Պատերազմի Շրջանին»

March 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ չորեքշաբթի երեկոյեան պատկերասփռուած ելոյթ ունեցաւ, ուր անդրադարձաւ Լիբանանի վրայ կատարուած իսրայէլեան նորագոյն յարձակումներուն եւ այս գծով Հըզպալլայի ու լիբանանեան իշխանութեան կեցուածքին:

«Այս պատերազմը կապ չունի որեւէ այլ պատերազմի հետ», ընդգծեց Հըզպալլայի ղեկավարը` նշելով, որ Հըզպալլա յանձնառու է ինքնապաշտպանութեան եւ իսրայէլեան ու ամերիկեան նպատակներու եւ ծրագիրներու ձախողեցման: Ան դիտել տուաւ, թէ Դիմադրութեան հակադրուողներուն հետ նոր էջ բանալու առիթ չկայ եւ աւելցուց. «Կռնակէն մի՛ հարուածէք Դիմադրութիւնը` խաղաղութեան թէ պատերազմի ընթացքին»:

Շէյխ Նայիմ Քասեմ անդրադարձաւ տեղահանուածներու կացութեան` նշելով, որ անոնց հոգածութիւնը ազգային պատասխանատուութիւն է, որ միասնական ճիգեր կը պահանջէ: Շէյխ Նայիմ Քասեմ նկատել տուաւ, թէ ցարդ տասը հազար անգամ խախտուած է զինադուլի համաձայնութիւնը, եւ ոչ ոք հաշիւ պահանջած է Իսրայէլէն: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա կը պայքարի վասն ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ այնքան ատեն որ իսրայէլեան բռնագրաւումը առկայ է, Դիմադրութիւնն ու անոր զէնքը օրինական իրաւունք են ըստ բոլոր օրէնքներուն եւ կառավարութեան հաղորդագրութեան:

Շէյխ Նայիմ Քասեմ դիտել տուաւ, թէ կառավարութիւնը փոխանակ դատապարտելու իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումը, Դիմադրութիւնը այպանեց ընդառաջելով իսրայէլեան պահանջներուն: «Մեր պարտականութիւնն է մեր կարելին ընել` կասեցնելու համար թշնամական այս վտանգաւոր ընթացքը, որ բնականաբար Լիբանանը պիտի մղէ զիջելու իր գերիշխանութենէն», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

 

 

Նախորդը

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Յաջորդը

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի. Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.