Լիբանանեան

Ժոմպլաթ Կը Քննադատէ «Մերժման  Սիրոյն Բանակցութեան Մերժումը»

Ժոմպլաթ Կը Քննադատէ «Մերժման Սիրոյն Բանակցութեան Մերժումը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կը մերժէ Լիբանանը շրջանի պատերազմներու բաց դաշտի վերածելը` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի հետ պէտք է «տրամաբանութեամբ» բանակցիլ` քննադատելով «մերժման սիրոյն բանակցութեան մերժումը»: Ան մերժեց բանակցութիւններու սկսելու համար իսրայէլեան ցուցմունքներն ու պայմանները` նշելով երկխօսութեան եւ ներքին անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Պատասխանելով հարցումի մը`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ զինուորական դատարանին առջեւ բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ` ընդդէմ Հըզպալլայի երկու անդամներու ձերբակալման: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուած հանդիպումները նախագահ Աունի հրաւէրով տեղի ունեցան շարք մը պատճառներով: Ան է, որ Ժոմպլաթը հրաւիրեց նախագահական պալատ այցելելու, եւ երկու շաբթուընէ ի վեր կը փորձէ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հանդիպում դասաւորել»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ...

Պաապտայի Պալատին Մէջ.  Աուն – Պըրրի Եւ Աուն – Սալամ Հանդիպումներ

Պաապտայի Պալատին Մէջ. Աուն – Պըրրի Եւ Աուն – Սալամ Հանդիպումներ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նախագահ Աուն խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութիւնը: Երկու կողմերը կանգ առած են իսրայէլեան մագլցումին եւ հարաւը Լիբանանի մնացեալ շրջաններուն կապող կամուրջներու թիրախաւորման ու անկէ բխող հետեւանքներուն վրայ: Աուն եւ Պըրրի անդրադարձան...

Սմոթրիչ. «Լիբանանի Եւ Մեր Միջեւ  Սահմանը Պէտք Է Լիթանի Գետը Ըլլայ»

Սմոթրիչ. «Լիբանանի Եւ Մեր Միջեւ Սահմանը Պէտք Է Լիթանի Գետը Ըլլայ»

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչ երէկ յայտարարեց. «Լիբանանի եւ մեր միջեւ սահմանը պէտք է Լիթանի գետը ըլլայ»: «Ինչպէս Կազայի 55 առ հարիւրին կը տիրենք, պէտք է նոյնը Լիբանանի մէջ ընենք», նշեց Սմոթրիչ: «Այս պատերազմը պիտի աւարտի փայլուն յաղթանակով, երբ ո՛չ իրանեան թշնամական վարչակարգը մնայ, ո՛չ ալ Հըզպալլան», յայտնեց Սմոթրիչ: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց, որ Հըզպալլայի դէմ ճակատամարտը...

Սալամ. «Տապալեցինք Իսրայէլի Հետ  «Բանակցութիւններու Արգելք» Հայեցակարգը,  Եւ Հըզպալլայի Սպառնալիքները Մեզ Չեն Վախցներ»

Սալամ. «Տապալեցինք Իսրայէլի Հետ «Բանակցութիւններու Արգելք» Հայեցակարգը, Եւ Հըզպալլայի Սպառնալիքները Մեզ Չեն Վախցներ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կիրակի գիշեր «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատերազմը Լիբանանին պարտադրուեցաւ, եւ անիկա մեր ընտրանքը չէ»` աւելցնելով. «Մեզ պատերազմին մէջ մտցնողէն խնդրեցինք, որ անգամ մը եւս արկածախնդրութեան դիմելէ առաջ ողջախոհ ըլլայ»: «Հըզպալլայի արձակած 6 հրթիռներէն իւրաքանչիւրին գինը 10 հազար լիբանանցի տեղահանուած էր», նշեց ան` աւելցնելով. «Հըզպալլայի հրթիռները իր բազմաթիւ վնասներուն կողքին վտանգեցին կառավարութեան հաւաստիութիւնը»: «Կառավարութիւնը տեղահանուածներուն...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 21 եւ երկուշաբթի, 23 մարտ 2026-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 24 մարտ 2026-ին:  

Ֆրանսան Պատրաստ Է Օգնելու  Մագլցումին Վերջ Տալու

Ֆրանսան Պատրաստ Է Օգնելու Մագլցումին Վերջ Տալու

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրոն, որ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է զինուորական մագլցումին վերջ տալու` առաջարկներու ճամբով, որոնք կը քննարկուին առնչակից կողմերուն կողմէ` մեկնելով նախագահ Աունին նախաձեռնած բանակցային նախաձեռնութենէն, որ ֆրանսացի նախարարը որակեց «քաջարի» եւ միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը վայելող, որովհետեւ կ՛արտայայտէ կամքը հաստատելու հզօր պետութիւն մը, որ կը...

Ռիատի Նախարարաց Ժողովը Դատապարտեց  Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

Ռիատի Նախարարաց Ժողովը Դատապարտեց Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

Ազրպէյճանի, Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քուէյթի, Լիբանանի, Փաքիստանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները չորեքշաբթի գիշեր Ռիատի մէջ գումարեցին իրանեան յարձակումներուն շուրջ նախարարական խորհրդակցական հանդիպում մը: Նախարարները իրենց հանդիպումի աւարտին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «իրենց դատապարտումն ու մերժումը արտայայտեցին թեւաւոր հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով իրանեան այս դիտաւորեալ յարձակումներուն, որոնք թիրախաւորեցին բնակելի շրջաններ, քաղաքային ենթակառոյցներ,...

Քաց. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է  Հըզպալլայի Դէմ Բոլոր Մակարդակներուն Վրայ  Գործնական Քայլեր Որդեգրէ»

Քաց. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Բոլոր Մակարդակներուն Վրայ Գործնական Քայլեր Որդեգրէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Լիթանի գետին վրայ «Հըզպալլայի կողմէ զէնքի մաքսանենգման համար օգտագործուող երկու յաւելեալ կամուրջներու քանդումը յայտարարելով նշեց. «Ասիկա լիբանանեան կառավարութեան պատգամ է. Հըզպալլային պիտի չարտօնենք լիբանանեան պետութեան ենթակառոյցները օգտագործել»: «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Հըզպալլայի դէմ բոլոր մակարդակներուն վրայ գործնական քայլեր որդեգրէ», աւելցուց Քաց: Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը յարձակումներ շղթայազերծելով թիրախաւորեց Սուրիոյ մէջ Մասաքենն ու Հաուշը: Իսրայէլեան...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաֆայէլ  Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը: Քննարկուեցաւ նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ երկրին ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար լիբանանեան զանազան շրջաններուն վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն ետք: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր գնահատանքը յայտնեց ներկայ զգայուն փուլին հանրապետութեան նախագահին ունեցած դերակատարութեան` վերահաստատելով լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը երկրին փրկութեան աշխատանքներուն:  

Ռաժժի. «Կառավարութիւնը Իր Յոյսը  Կը Կապէ Աունի Նախաձեռնութեան Արաբական  Եւ Միջազգային Աջակցութեան»

Ռաժժի. «Կառավարութիւնը Իր Յոյսը Կը Կապէ Աունի Նախաձեռնութեան Արաբական Եւ Միջազգային Աջակցութեան»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Ռիատի մէջ արաբական եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր ժողով կը գումարենք վճռորոշ պահու մը, որ կը պահանջէ խօսքի յստակութիւն, դիրքորոշման համարձակութիւն եւ մեր ժողովուրդներու անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու պատմական պատասխանատուութիւն: Մենք այսօր ժողով կը գումարենք ցնցուած վիճակի մէջ Իրանի կողմէ Ծոցի...

Եւրոպական Միութիւնը Անհրաժեշտ  Կը Նկատէ Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի  Երկխօսութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Երկխօսութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ չափազանց մտահոգ է Լիբանանի մէջ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն, որոնք մարդասիրական ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան եւ երկարատեւ հակամարտութեան վտանգ կը ստեղծեն: «Իսրայէլ պէտք է Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները դադրեցնէ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կացութիւնը իրապէս աղէտալի է, մինչ կը շարունակուի հաւաքական տեղահանութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն մարդու, ինչ որ Լիբանանի բնակչութեան ընդհանուր թիւին 25 առ հարիւրին...

Բրիտանիան Կը Զօրակցի Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի  Բանակցութիւններուն

Բրիտանիան Կը Զօրակցի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններուն

Բրիտանական կառավարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բանբեր Ճոսլին Ուոլըր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողը որակեց «իսկական ողբերգութիւն»: Ան ըսաւ, որ Լիբանան անգամ մը եւս կը ներքաշուի պատերազմի մը մէջ, որ անոր ժողովուրդը չ՛ուզեր: Ուոլըր նշեց, որ իր երկիրը սերտօրէն կ՛աշխատի իր եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ նաւարկումի անվտանգութեան հաւաքական ծրագիր մը մշակելու համար` շեշտելով, որ այս թղթածրարը Լոնտոնի համար «ծայրայեղ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի Ռիատի մէջ իրեն հետ կողմնակի զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուցած է, թէ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ սուրիական ուժերու տեղակայումը բացառապէս սուրիական սահմաններու պաշտպանութեան եւ ապահովական որեւէ խախտումի կամ մաքսանենգման դէմ դնելու համար է` շեշտելով, որ Սուրիան մտադիր չէ Լիբանան մուտք գործել կամ որեւէ ձեւով միջամտել անոր...

Պաապտայի Մէջ Ապահովական Ժողովի Ընթացքին.  Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կը Պահանջէ Հսկողութիւն Եւ Պատասխանատուութեան Բարձր Մակարդակ»

Պաապտայի Մէջ Ապահովական Ժողովի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կը Պահանջէ Հսկողութիւն Եւ Պատասխանատուութեան Բարձր Մակարդակ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց ապահովական ժողովի մը, որ յատկացուած էր երկրին մէջ ապահովական կացութեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու տարբեր մակարդակներու վրայ հետեւանքներու քննարկման: Ժողովին ներկայ գտնուեցան պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարը, բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր...

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ  Լիթանի Գետի Կամուրջները

Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լիթանի Գետի Կամուրջները

Լիբանանի հարցով ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց. «Իսրայէլ չկրցաւ Հըզպալլան զինաթափել, ուստի կարելի չէ ակնկալել, որ լիբանանեան կառավարութիւնը այդ մէկը կատարէ երեք օրուան մէջ, ռմբակոծման տակ: Միակ լուծումը Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալն ու բանակցիլն է»: «Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու միակ լուծումը բանակցութիւնն է», յայտարարեց ան: «Ժատիտ»-ի եւ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան...

Պաապտայի Մէջ Ապահովական Ժողովի Ընթացքին.  Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կը Պահանջէ Հսկողութիւն Եւ Պատասխանատուութեան Բարձր Մակարդակ»

Աուն. «Կառչած Կը Մնամ Իսրայէլեան Պատերազմի Դադրեցման Նախաձեռնութեանս»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կառչած կը մնամ իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու համար ձեռնարկած նախաձեռնութեանս, եւ նախանձախնդիր եմ անոր շուրջ ներքին համաձայնութեան` ամէն բանէ առաջ պատերազմին վերջ տալու համար»:

Սալամէ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութեան  Սկզբունքը Մերժուած Չէ, Սակայն Լիբանանի Մէջ  Քննարկումը Պայմաններուն Շուրջ Է»

Սալամէ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութեան Սկզբունքը Մերժուած Չէ, Սակայն Լիբանանի Մէջ Քննարկումը Պայմաններուն Շուրջ Է»

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանի մէջ նոր շրջաններու կանոնաւոր կլանման գործողութիւն կը կատարէ»` նշելով, որ ատոր նպատակը արգելակիչ գօտիի ստեղծումն է: «Իսրայէլ տեղահանման եւ հողի հաւասարեցման գործողութիւն կը կատարէ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն տունդարձը արգիլելու համար», աւելցուց նախարարը: «Աշխատանք կը տանինք Իսրայէլի վրայ դիւանագիտական միջոցներով ճնշում բանեցնելու համար», ըսաւ ան:...

Լիբանանի Զանազան Շրջանները  Իրարմէ Անջատելու Ծիրին Մէջ.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Մարդկային  Թէ Տնտեսական Կարեւոր Թիրախներ

Լիբանանի Զանազան Շրջանները Իրարմէ Անջատելու Ծիրին Մէջ. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Մարդկային Թէ Տնտեսական Կարեւոր Թիրախներ

Հակառակ բազմակողմանի զգուշացումներու` Լիբանանը թիրախաւորելէ, Իսրայէլ երէկ դարձեալ հարուածեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պաալպեքի շրջանները` պատճառելով մարդկային զոհեր եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Արդարեւ, Եւրոպական մէկէ աւելի ազդեցիկ երկիրներու հրապարակած զգուշացումն ու անմիջական զինադուլ պահանջող հաղորդագրութիւնը չկրցաւ սանձել Իսրայէլի ախորժակները, ան այս անգամ հարուածեց նոյնիսկ «անձեռնմխելի» նկատուած Պէյրութի օդակայանի նախկին ճանապարհը` պատճառելով մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Աւելի՛ն, Իսրայէլ...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Ցամաքային Ներխուժման Առընթեր.  Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութեան Յաւելեալ Կեցուածքներ Կը Դրսեւորուին

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ներխուժման Առընթեր. Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութեան Յաւելեալ Կեցուածքներ Կը Դրսեւորուին

Իրանի վրայ իսրայէլեան ու ամերիկեան յարձակումներու շարունակման կողքին եւ հակառակ Լիբանանի թիրախաւորման դատապարտումի ու զինադուլի գծով բանակցութեանց կոչերուն, Իսրայէլ անդրդուելիօրէն կը շարունակէ իր յարձակողական յառաջխաղացքը: Աւելի՛ն, Իսրայէլ նոյնիսկ հետաքրքրուած չէ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի պետութեան պաշտօնապէս ճանաչումի քայլով` յայտարարելով, թէ հիմնականը Իսրայէլի հիւսիսային բնակեցման վայրերը խաղաղ ձգելն է, իսկ եթէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, այդ ալ յաւելեալ դրական քայլ մը կ՛ըլլայ: Փաստօրէն,...

Page 47 of 985 1 … 46 47 48 … 985

Արխիւներ