. ԱՆՏԻՈՔԻ եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եոհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Անտիոքի եկեղեցիներուն անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Սուրի եւ Սայտայի վրայ կատարուած յարձակումներու լոյսին տակ:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլա փորձած է հաղորդակցութեան կապեր յառաջացնել նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, սակայն երկու կողմերն ալ խուսափած են ներկայիս ընդառաջելէ նմանօրինակ որեւէ դիմումի:
. ԱՔՔԱՐ նահանգի աղէտներու կարգաւորման գրասենեակը հաղորդեց, որ ցարդ շրջանին մէջ արձանագրուած ապաստանեալներու թիւը հասած է 5888-ի:
. ԵՐԷԿ` կիրակի երեկոյեան իսրայէլեան ուժեր թիրախաւորեցին Ժմէյժմէ եւ Շաքրա աւանները` Ուատի Սլուքիի ուղղութեամբ հրթիռային ծանր յարձակումին զուգահեռ: Նոյն ծիրին մէջ երէկ յարձակում արձանագրուեցաւ նաեւ Իքլիմ Թուֆֆահի Սարպա եւ Համիլա աւաններուն դէմ: Իսկ աւելի ուշ` հարաւային Լիբանանի Մարժաայունի դաշտին եւ Խիամի աւանին ուղղութեամբ: Նմանապէս յարձակում արձանագրուած է Մայֆատունի եւ Սոհմորի վրայ:
. ԱՆՑՆՈՂ վեց ամիսներուն ընթացքին 65 հազար սուրիացիներ վերադարձած են Սուրիոյ իրենց բնակարանները Մասնահի եւ Ժուսիի անցակէտերէն: Նմանապէս Աթրիտայի անցակէտին ուղղութեամբ արտօնուած է սուրիացիներու հետիոտն մուտքը` տրուած ըլլալով, որ նշեալ անցակէտէն ինքնաշարժներու երթեւեկը վտանգաւոր է ճամբու խորտուբորտութեան պատճառով:
. ՍՈՒՐԻԱՑԻ 15 գործաւորներ շաբաթավերջին իսրայէլեան օդուժին կողմէ յարձակումի ենթարկուած են Եոհմոր Շքիֆի մէջ, ուր փութացած են անմիջական օգնութեան ինքնաշարժներ: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, կան զոհեր ու վիրաւորներ:


