Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

March 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերուն իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին Լիբանանի վրայ իրենց յարձակումները յաւելեալ ծանր թափով` պատճառելով նորանոր զոհեր ու վիրաւորներ, նիւթական հսկայական կորուստի կողքին: Արդարեւ, շաբաթավերջին, յատկապէս ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան յատուկ խմբակ մը լիբանանեան բանակի տարազով ծպտուած անակնկալ կերպով Պեքայի Խըրպել աւանէն ցամաքային ներթափանցում կատարեց դէպի Պաալպեքի Նեպի Շիթ շրջանը: Խմբակին կ՛ընկերանար նոյնպէս լիբանանեան նշաններով ծպտուած շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը: Սակայն շրջանի բնակիչները անդրադառնալով կատարուածին` զինեալ փոխադարձ բախումներ սկսան ստիպելով թշնամին ետ քաշուելու: Աւելի ուշ իմացուեցաւ, թէ անոնք եկած էին տասնամեակներ առաջ իրենց մէկ անհետացած օդաչու զինուորին` Ռոն Արատի դիակին աճիւնները փոխադրելու: Սակայն Նեպի Շիթի գերեզմանէն նահանջի պահուն անոնք յաջողած են իրենց հետ փոխադրել անցեալի կռիւներու ընթացքին նախապէս սպաննուած իսրայէլացի 54 զինուորներ, որոնց մէջ սակայն չկար Արատի դիակը: Անոնք նախապէս ազդարարած էին Նեպի Շիթի եւ մերձակայ շրջաններու բնակիչները հեռանալու շրջանէն: Այդ հիման վրայ անոնք երէկ հարուածեցին շրջանը, ուր Նեպի Շիթի եւ այլ աւաններու բնակիչներ տակաւին կառչած կը մնային իրենց պապենական հողերուն` մերժելով տեղահանուիլ իրենց բնակարաններէն: Խիզախ կեցուածք մը, որ սուղ արժեց անոնց` խլելով ութ զոհեր նոյն ընտանիքէն:

Նոյն ծիրին մէջ իսրայէլեան ուժեր ուրբաթ ուշ գիշերէն սկսեալ յաճախակիօրէն կրկնեցին իրենց յարձակումները հարաւային Լիբանանի, Պեքայի թէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու զանազան շրջաններուն ուղղութեամբ` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր, որոնց մէջ 18  զոհ նոյն ընտանիքէն: Այդ յարձակումներուն մէջ ուշագրաւ էր շաբաթավերջին Պէյրութի արեւմտեան շրջաններէն Ռաուշէի մէկ պանդոկին վրայ կատարուած հրթիռարձակումը:

Նախնական որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, յարձակումին զոհ գացած են չորս իրանցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնք պանդոկի իրենց սենեակը վարձած են լիբանանցի անձերէ եւ յարձակման պահուն անոնք միասին նոյն սենեակը կը գտնուէին: Այս դէպքը որոշ հարցականներ ստեղծեց լիբանանեան ժողովրդային թէ պետական պատկան շրջանակներու մօտ:

Աւերիչ Պատերազմ, Որ Սակայն
Քաղելի Դասեր Ունի Պատգամելիք

Այս բոլորին մէջ ուշագրաւ է պատերազմական մթնոլորտէ քաղուող օրինակելի, վարակիչ դասերու պատգամ մը: Արդարեւ, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումն ու Հըզպալլայի հակազդեցութիւնը խնդրայարոյց, լուռ բանավէճ յարուցած էին լիբանանեան պատկան շրջանակներու մօտ, հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւններով դրսեւորուելով: Անոնք, որոնք բացայայտօրէն կը դատապարտեն իսրայէլեան յարձակումը եւ կը «ճակատին» անոր դէմ` միաժամանակ կառչած մնալով իրենց բնակարաններուն, մերժելով ենթարկուիլ իրենց բնակարաններէն հեռանալու իսրայէլեան հրահանգին: Երկրորդ ուղղութեան վարկածը սկզբունքային կերպով դէմ է «միջամուխ դառնալ» շրջանին մէջ երկու տարբեր երկիրներու պատերազմին կամ զօրակցիլ` կողմնորոշուելով յօգուտ անոնցմէ մէկուն: Կան նաեւ  այլ շրջաններու բնակիչներ, որոնք նոյնպէս կը մերժեն հեռանալ իրենց սեփական բնակարաններէն` շեշտելով, որ իրենց կեանքին գնով վճռած են կառչած մնալ իրենց պապենական հողերուն` կանխարգիլելու համար թշնամիին յառաջխաղացքը: Անկախ իրենց տուած կեցուածքի հիմնաւորումներէն, լիբանանցիներու այդ խմբակը արդարօրէն վճռած է տէր կանգնիլ իր պապենական հողերուն: Անոնց այս քաջարի կեցուածքը սակայն հովանաւորուած է իրենց շրջանի պատկան ղեկավարութեան կողմէ, որ ամէն զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ցոյց կու տայ բնակիչներու ընտրանքին եւ կը խուսափի կարգ մը դաւաճանական կեցուածքներէ` «կացութիւնը անյոյս է, լքեցէք ձեր բնակարանները» յորդորելով բնակիչներուն եւ բազմաթիւ անմեղ զոհերու պատճառ դառնալով:

Դիւանագիտական Շփումները
Թափ Կ՛առնեն

Դէպքերու այս սրընթաց զարգացման լոյսին տակ, լիբանանեան ղեկավար պատկան մարմիններ փութացին յաւելեալ սերտ ճիգերու դիմել խնդրոյ առարկայ շրջանային թէ միջազգային հարթակներու եւ կառոյցներու մօտ: Այս ծիրին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ շարունակեց իր հաղորդակցութիւնները, որոնց նորագոյնը երէկ Եգիպտոսի Ազհարի շէյխէն` իմամ դոկտ. Ահմետ Մոհամետ Ահմետ Թայէպէն, որ նախագահ Աունի փոխանցեց իր զօրակցական կեցուածքը լիբանանցի ժողովուրդին` անոր այս ճգնաժամային օրերուն:

Կիպրոսի Մէջ Մօտալուտ
Բանակցութի՞ւն` Իսրայէլի Հետ

Միւս կողմէ, ըստ լիբանանեան տեղեկատուական աղբիւրներու, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սալամ որոշած են բանակցութեան նախաձեռնելու Իսրայէլի հետ: Այս գծով «Լեպանոն Ֆայլզ» լրատուական կայքը լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, թէ շուտով լիբանանեան պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Կիպրոս, ուր իսրայէլացի բանագնացներու հետ պիտի քննարկէ յարձակումներու կասեցման կարելիութիւնները: Այս քայլը կը հովանաւորուի ՄԱԿ-ի կողմէ, որու Լիբանանի մօտ հարցերու յատուկ համակարգող Ժենին Հենիս Պլասխարթ արդէն իսկ փութացած է Իսրայէլ, որմէ ետք պիտի վերադառնայ Լիբանան` նախագահ Աունին ներկայացնելու իր մագոգային ճիգերուն արդիւնքները:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ Արաբական լիկայի արտակարգ նիստի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ լուսաբանեց վերջին անցուդարձերուն գծով լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը, որուն «խոտոր կը համեմատի Հըզպալլայի յայտարարած վարկածը»:

Նաեւ` Սուրիոյ Հետ

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարեհ լիբանանցի զանազան կողմերու հետ իր նախաձեռնած խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայելի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին շրջանի ու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները: Այս առիթով Սուրիոյ նախագահ Շարեհ Ժեմայելին պարզեց Լիբանանի հետ սահմաններու երկայնքին սուրիական ուժերու դիրքաւորման հիմնական պատճառները, որ կը միտի երկիրը զերծ պահել փախստականներու եւ օրինազանցներու թափանցումէն դէպի Սուրիա:

Նախորդը

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

Յաջորդը

Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու Հարթակ Պիտի Չըլլայ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.