Ցուցարարներու Զայրոյթը Կը Հարուածէ Մայրաքաղաք Պէյրութը. 2 Նախարարներ Եւ 6 Երեսփոխաններ Կը Հրաժարին
Վարչապետ Հասսան Տիապ Կոչ Կ՛ուղղէ Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Երեքշաբթի, 4 օգոստոսին, Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն ուժգին ու հսկայական պայթումին հետեւանքները տակաւին կը շարունակուին երկրին ու քաղաքացիներուն վրայ: Պայթումին ազդեցութիւնը տակաւին շատ երկար պիտի մնայ լիբանանցի ժողովուրդին վրայ` ուղղակի իր ճնշումը բանեցնելով առօրեայ կեանքին, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, առողջապահական ու ապահովական ոլորտներուն վրայ: Երեքշաբթի, 4 օգոստոսէն ի վեր ցնցուած քաղաքացիները անցեալ...



















