Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 5951-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 279 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 261-ը` տեղացիներ, իսկ 18-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 70 պարագաներ մահացած են, իսկ 2042 ուրիշներ` ապաքինած: