Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 5062-ի, Մահուան Պարագաներունը` 65-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1837-ի

Օգոստոս 4, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սպիտակ Բանակը Կը Կորսնցնէ
Իր Զինուորներէն Մէկը

Մինչ «Քորոնա» համաճարակին գծով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020, այսօր` երեքշաբթի, 4 եւ վաղը` չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին բոլոր մարզերը պիտի կարենան գործել` ճշդուած նախազգուշութիւններն ու չափանիշները յարգելով:

Այս շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարող Լիբանանի ազգային շտապը կառավարութեան պիտի յանձնարարէ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-էն երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020` ընդհանուր զօրաշարժի դրութեան կողքին նաեւ կրակմարի դրութիւն յայտարարել` խստացնելով նախազգուշական միջոցառումները, նոյնիսկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ:

«Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երէկուընէ սկսեալ մինչեւ շաբաթ, 15 օգոստոս 2020 կասեցուցած է իր արտաքին բժշկական գրասենեակներուն մէջ հիւանդներ ընդունիլ, նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին տարողութիւնը եւ երաշխաւորելով հիւանդներուն անվտանգութիւնը` վարակուելու իմաստով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցը պիտի ընդունի լուրջ եւ անմիջական խնամքի կարիք ունեցող պարագաները, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլէ հիւանդանոցին մէջ գտնուող հիւանդներուն կատարուելիք այցելութիւնները:

«Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն քթակապ գործածելու եւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահելու, ինչպէս նաեւ նախազգուշական բոլոր միջոցառումներուն յանձնառու մնալու:

Ըստ հաղորդագրութեան, իւրաքանչիւր հիւանդի մօտ կրնայ միայն անոր ընտանիքէն մէկ հոգի մնալ, պայմանով որ ան «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարած ըլլայ:

Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրի ախտորոշումը կատարող «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան առումով, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ իր նախարարութեան անձնակազմը ենթարկուած է այդ քննութեան, եւ բոլորին արդիւնքները ժխտական են:

Ապտել Սամատ աւելցուց, որ նախարարութեան մէջ բոլորը քթակապ կը գործածեն եւ ընկերային հեռաւորութեան պայմանը կը յարգեն:

Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին արգիլուած է հարսանիք եւ հարսանեկան խրախճանքներ կազմակերպել: Ան նշեց, որ նման որոշումներ միայն իրեն կը վերաբերին եւ իր իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկիրը փակելու որոշումը պարփակող հրամանագիրը իր ստորագրութիւնը կը կրէ:

Ֆահմի հաստատեց, որ իր պարկեշտութիւնը չ՛արտօներ, որ համեստ դասակարգի քաղաքացիներուն հարսանիքները արգիլէ, իսկ հարուստ դասակարգինները` արտօնէ:

Ան ընդգծեց, որ հարսանեկան խրախճանքներ կատարած 7 պարագաներ տուգանուած են` աւելցնելով, որ ինք իր դերակատարութիւնը պիտի շարունակէ` իրեն տրուած իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Նշենք, որ 6-10 օգոստոս երկարող հնգօրեայ այս ժամանակամիջոցին բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի մնան, եւ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ որդեգրուած զգուշութիւնները պարտադիր պէտք է գործադրուին:

Այս օրերուն ընթացքին փակ պիտի մնան մարզասրահները, մարզադաշտերը, մարզական ակումբները, խորհրդաժողովներու յատուկ սրահները, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, ժողովրդային շուկաները, ծովեզերքի քալելու յատուկ մայթերը, լողափները, լողաւազանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները:

Այս բոլորին կողքին պիտի ջնջուին կրօնական բոլոր առիթները, մարզական մրցումները, իսկ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով պիտի փակուին ճաշարաններն ու սրճարանները, ինչպէս նաեւ պիտի կասեցուի բնակարանները սննդեղէն եւ պատրաստ ճաշ առաքելու ծառայութիւնը:

Անուշավաճառներուն ու ճաշարաններուն պարագային, ընդհանուր զօրաշարժի օրերուն ընթացքին անոնք պիտի գործեն առաւօտեան ժամը 6:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00, պայմանով որ անոնք իրենց վաճառատուներուն մէջ յաճախորդներ չընդունին եւ բաւարարուին անուշեղէնի ապսպրանքները բնակարանները առաքելու ծառայութեամբ:

Ճաշարաններուն եւ սրճարաններուն կողմէ կլկլակներու բնակարանային առաքումը եւս արգիլուած է:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 5062-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 177 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 159-ը տեղացիներ, իսկ 18-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 65 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1837 ուրիշներ` ապաքինած:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ առաւօտեան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ գուժեց հիւանդանոցի բուժքոյրներէն Զէյնապ Հայտարի մահը, որ պատահեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդները խնամելու ընթացքին:

«Զէյնապ հերոսուհի մըն է, սպիտակ բանակի անդամ. ան հիմա շատ աւելի լաւ վայրի մէջ է», նշեց Ապիատ` թուիթըրեան իր գրառումով: Ֆիրաս Ապիատ Զէյնապ Հայտարի ընտանիքին համբերութիւն եւ մխիթարութիւն մաղթեց` կոչ ուղղելով բոլորին զգուշանալու «Քորոնա» ժահրին սպառնացած վտանգէն եւ գործադրելու նախազգուշական միջոցները:

Հիւանդապահներու սենտիքան եւ Մերժահիունի Մարքապա գիւղաքաղաքին քաղաքապետութիւնը իրենց կարգին գուժեցին Զէյնապ Մոհամետ Հայտարի մահը:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը գուժեց իր բուժքոյրերէն Զէյնապ Հայտարի մահը` հաստատելով, որ անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ պիտի յարգէ անոր յիշատակը:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան գուժեց 47-ամեայ Զէյնապ Հայտարի մահը` հաստատելով, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող լիբանանեան ազգային շտապը կ՛ուղղուի երկիրը 15 օրով փակելու` յայտարարելով առողջապահական արտակարգ վիճակ եւ ոչ թէ զինուորական արտակարգ վիճակ:

Հասան ընդգծեց, որ կան հինգ հիւանդանոցներու տնօրէններ, որոնք հարցաքննութեան պիտի ենթարկուին` հիւանդները մերժելու յանցանքին պատճառով:

Ան հաստատեց, որ ցամաքային եւ ծովային սահմաններէն Լիբանան մուտք գործող անհատները եւս «Փի. Սի. Ար.» քննութիւն պիտի կատարեն` իրենց քսակէն, նախքան Լիբանան մուտք գործելը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանական Հակահայ Բռնարարքները Քանատայի Մէջ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?