Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան բանակին յատուկ վնասներու գնահատումի յանձնախումբին հետ պիտի ստուգեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասները:
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը քաղաքացիներէն պահանջեց լուսանկարներով եւ տեսանիւթերով նկարել վնասները, ունենալ` աշխատավայրի, վաճառատան, շէնքի կամ ինքնաշարժի պատկանելիութեան յատուկ փաստաթուղթ, անձնաթուղթի պատճէն, ուղղուիլ շրջանի թաղապետին եւ վնասներուն յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստել, յստակ կերպով նշել հասցէն` ընդգրկելով կալուածի եւ հեռաձայնի թիւերը:
Այս բոլոր փաստաթուղթերը ներկայացնել լիբանանեան բանակին յատուկ վնասներու գնահատումի յանձնախումբին` թաղապետին միջոցով կամ անձամբ` այդ յանձնախումբին անդամներուն կողմէ բնակարաններուն այցելութեան ընթացքին:
Նշեալ փաստաթուղթերը պատրաստելէ ետք, վնասները կարելի է վերացնել եւ նորոգութեան աշխատանքները կատարել, եթէ ատիկա կատարելու փափաք կայ, պայմանով որ այդ մասին պաշտօնական ստացագիր ապահովուի եւ ներկայացուի վնասներու գնահատումի յանձնախումբին:
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին եւ վնասներու գնահատումի յանձնախումբին փաստաթուղթեր ներկայացնելու դիմումի համար անհրաժեշտ է վնաս կրող քաղաքացիի մը հեռաձայնի թիւը կամ ազգականի մը հեռաձայնի թիւը տրամադրել:
Զոհերուն հարազատներէն պահանջուած փաստաթուղթերն են.
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բժիշկի տեղեկագիր
– Ընտանեկան իխրաժ քայտ, որուն մէջ ջնջուած ըլլայ զոհին անունը
– Օգտուողի անձնաթուղթի պատճէն:
Վնասուած ինքնաշարժներու սեփականատէրերէն պահանջուած փաստաթուղթերն են.
– Անձնաթուղթի կամ իխրաժ քայտի պատճէն
– Ինքնաշարժ վարելու փաստաթուղթի պատճէն
– Անգործածութեան վկայագիր (Չարձանագրուած ինքնաշարժներու պարագային):
Բնակարաններու եւ վաճառատուներու սեփականատէրերէն պահանջուած փաստաթուղթերն են.
– Անձնաթուղթի կամ իխրաժ քայտի պատճէն
– Բնակարանի կամ վաճառատան կալուածագիրի պատճէն
Բնակարաններու եւ վաճառատուներու վարձակալներէն պահանջուած փաստաթուղթերն են.
– Անձնաթուղթի կամ իխրաժ քայտի պատճէն
– Վարձակալութեան կալուածագիրի պատճէն:
Բնակութեան փաստաթուղթ, որ կ՛ընդգրկէ կալուածը նորոգելու կալուածատիրոջ խոստումը:
Վնասներու գնահատումի յանձնախումբի գրասենեակին կապուելու համար կարելի է հեռաձայնել 01-293651 թիւին:


