Երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին հսկայական պայթում մը ցնցեց Պէյրութի նաւահանգիստը, որուն պատճառով ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ` իր արուարձաններով, վնասներ եւ աւերներ արձանագրուեցան:
Նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը ամբողջութեամբ քանդուեցան` արձանագրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ:
Տնտեսական ծանր տագնապ եւ ամբողջ աշխարհին նման «Քորոնա»-ի համաճարակը դիմագրաւող լիբանանցին նոր ցնցում մը ապրեցաւ այս պայթումին իբրեւ հետեւանք:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառած է 2700 թոն ամոնիոմի պահեստը, որ տարիներէ ի վեր ամբարուած է նաւահանգիստին մէջ, եւ կը գտնուէր Ափրիկէ փոխադրուելու ընթացքին մէջ:
Ապահովական տեղեկագիրներ ընդգծեցին քիմիական այս նիւթին վտանգը:
Լիբանանի բոլոր հիւանդանոցները յայտարարեցին, որ Պէյրութի եւ արուարձաններու բնակիչները քթակապերով պէտք է մնան` նոյնիսկ իրենց բնակարաններուն մէջ, չշնչելու համար պայթումին պատճառով օդին մէջ ներծծուած թունաւոր կազերը:
Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պայթումը քիմիական նիւթերու պահեստանոցի մը մէջ պատահած է:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ արձանագրուած են աւելի քան 78 զոհեր եւ աւելի քան 4000 վիրաւորներ:
Զոհերուն շարքին էին նաեւ երեք հայեր, որոնցմէ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, Ժաք Պարամաքեան եւ Ճեսի Պեզճեան:
Վարչապետ Հասսան Տիապ` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ստուգեց արձանագրուած վնասներուն հսկայ տարողութիւնը:
Ֆահմի յայտնեց, որ հետաքննութեան սկզբնական արդիւնքներուն համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատահած է գրաւուած պայթուցիկ նիւթեր ամբարող թիւ 12 պահեստանոցին մէջ:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց դէպքին վայրը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը գիշերուան ժամը 10:30-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը:
Մինչեւ նիստը նախագահ Աուն մօտէն հետեւեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած քանդումին եւ ցուցմունքներ տուաւ մայրաքաղաքին ու արուարձաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:
Նախագահ Աուն հիւանդանոցներէն ու հիւանդապահներէն, ինչպէս նաեւ բժշկական անձնակազմէն պահանջեց առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն դարմանել ու բուժել վիրաւորները:
Երկու ժամուան նիստէն ետք, կէս գիշերուան ժամը 12:30-ին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը յայտարարեց աղէտի գօտի` ընդգծելով, որ Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ պիտի տիրէ երկու շաբթուան արտակարգ դրութիւն, որ կրնայ վերանորոգուիլ:
Խորհուրդին համաձայն, զինուորական խորհուրդը պիտի նշանակէ զինուորականներ, որոնք յատուկ պարտականութիւն պիտի ստանձնեն, ինչպէս նաեւ պիտի նշանակուի հետաքննութեան յանձնախումբ մը` բացայայտելու համար արձանագրուած այս աղէտին դրդապատճառները:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ շրջաններու բնակիչներուն դիմաց բանալ վարժարանները, ինչպէս նաեւ յայտարարեց ազգային սուգի եռօրեայ դրութիւն, որուն ընթացքին պիտի փակուի ամբողջ երկիրը:
Խորհուրդը յանձնարարեց հիւանդանոցներուն յատկացնել գումարներ, իսկ նահատակներու ընտանիքներուն` հատուցումներ, ինչպէս նաեւ կազմել տագնապի բջիջ մը, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ ալիւրի վաճառքը սահմանափակել միայն փուռերուն:
Վարչապետ Տիապ նիստին ընթացքին շեշտեց, որ պայթումի այս աղէտալի պատահարը առանց հաշուետուութեան պիտի չաւարտի` ընդգծելով, որ պատասխանատուները սուղ պիտի վճարեն այդ պայթումին գինը:
Տիապ ընդգծեց, որ 2014-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող այս պահեստանոցին վտանգին մասին բազմաթիւ գաղտնիքներ պիտի բացայայտուին:
Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ ինք պիտի չհանգստանայ, մինչեւ որ այս պայթումին պատասխանատուները ծանրագոյն պատիժին ենթարկուին:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն:
Պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր հետեւեցաւ պայթումին մանրամասնութիւններուն եւ արձանագրուած հետեւանքներուն: Ան մաղթեց, որ Լիբանան այս աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս գայ` վիրաւորներուն մաղթելով ապաքինում, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն:
Առաւօտեան ժամը 1:00-ին Մարոնի միաբանութիւնը յայտարարեց, որ իր վանքերն ու դպրոցները կը տրամադրէ նաւահանգիստի շրջանի բնակիչներուն, որոնք կորսնցուցին իրենց բնակարանները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ամալ շարժումի անդամներուն եւ հետեւորդներուն կոչ ուղղեց արեան տուչութիւն կատարելու հիւանդանոցներուն եւ դարմանատուներուն:
Ազգային ազատ հոսանքը իր կարգին ձեռնարկեց նման արշաւի:
Կառավարութիւնը այսօր Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը:
Օտար Պետութիւններ Կը Հակազդեն
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա օժանդակութիւններ պիտի ուղարկէ Լիբանանին:
Ան կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն, որոնք Ֆրանսայի եղբայրներն են` աւելցնելով, որ Ֆրանսա միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած պայթումին համար` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է օժանդակելու:
Թրամփ նկատել տուաւ, որ ամերիկացի պատասխանատու զինուորականներու համաձայն, Պէյրութի պայթումը հրթիռի տեսակի մը յարձակումն է:
Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ Քաթարի կարողութիւնները զետեղեց Լիբանանի տրամադրութեան տակ:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` արձանագրուած զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Քաթար այսօր Պէյրութ կ՛ուղարկէ երկու դաշտային հիւանդանոցներ, որոնք 500 անկողին կը բովանդակեն:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռագիր մը յղեց նախագահ Աունի: Ան Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին անունով ցաւ յայտնեց Լիբանանը հարուածած այս աղէտին համար եւ ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն հարազատներուն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Պէյրութի պայթումին զոհերուն համար` ընդգծեց, թէ իրենք միշտ նեցուկ կը կանգնին Լիբանանին եւ լիբանանցի եղբայրներուն:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն, որ իր կարողութիւնները զետեղեց Լիբանանի տրամադրութեան տակ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ կոչ ուղղեց բոլոր բարեկամ երկիրներուն` օժանդակելու Լիբանանին եւ նեցուկ կանգնելու անոր:
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն շեշտեց, որ Բրիտանիա պատրաստ է Լիբանանին ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ հաստատեց, որ Քանատա պատրաստակամ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Նշենք, որ Դրամատուներու միութիւնը յայտարարեց, որ այսօր բոլոր դրամատուները պիտի մնան փակ:
Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ջնջեց այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին իր արտասանելիք ճառը:
Պէտք է աւելցնել, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ երէկ յայտարարեց, թէ այսօր պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ խորհրդարանէն իր հրաժարականը:
Every person loving LEBANON ,in Shock,is Mourning this UNUSUAL HORRIBLE Accident with 70 Victims, 4000 Wounded with INESTIMABLE Material LOSS,When country was under CORONA Virus and Economic CRISIS Condition..Mushroom Type Strange Blast pointing Possibility “Other Type” Explosion, Under Investigation Heavily PUNISHABLE if Positive..TERRORIST STATE Bombing THREAT
Mezamor Atomic Energy Complex Gives SMALLEST PROOF of What COULD HAPPEN in SOUTH CAUCASUS if BOMBED.. Any MAD MAN plus ASSOCIATES MUST BE STOPPED LEGALLY, before ANY MOVE..GOD SAVE LEBANON from Other Accidents or Attack.