Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան` ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ուղղուեցաւ Պէյրութի Մարզական աւանը, ուր զետեղուած էին ռուսական պետութեան տրամադրած դաշտային հիւանդանոցները:
Նախարարները ստուգեցին այդ հիւանդանոցները:
Հասան ընդգծեց, որ դաշտային այդ հիւանդանոցները պիտի զետեղուին ամբողջ Պէյրութի մէջ:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ նախարարութիւնը մարզական եւ սկաուտական կառոյցները կը զետեղէ պատկան մարմիններուն տրամադրութեան տակ: Ան հաստատեց, որ նախարարութիւնը պատրաստ է լիբանանցիներուն նկատմամբ իր պարտականութիւնները կատարելու:
Նշենք, որ Հասան յայտնեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 137-ի, իսկ վիրաւորուածներունը մնաց 5000-ի շուրջ:
Պէյրութի հսկայայկան պայթումին իբրեւ հետեւանք, լիբանանահայութիւնը եւս ունեցաւ իր մարդկային ծանր կորուստները, որոնք ցարդ արձանագրած են 11 զոհեր եւ 250 վիրաւորներ:
Լիբանանահայ նահատակներն են. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պեզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժաք Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տեկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան եւ Սարգիս Թէքիլեան:



