ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանը պիտի սկսի սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսներուն միջեւ` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը վերամուտի ամբողջական ծրագիրը պիտի հրապարակէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն» տարազը լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատած է:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար Շարլ Ռըզք հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի գիտէ, թէ իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող վճիռը պէտք չէ շահագործուի` լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը աւելի եւս սրելու եւ խորացնելու նպատակով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար ելեկտրականութեան թղթածրարի հարցը քննարկած է Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ:


