Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ . Քաթարի Փոխվարչապետը Կը Հաստատէ Քաթարի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Օգոստոս 26, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, ընկերակցութեամբ` քաթարեան պաշտօնական պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Մոհամետ Ալ Թանի նախագահ Աունի փոխանցեց Քաթարի իշխանին ցաւակցութիւնները` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն, եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Ան հաստատեց, որ Քաթար կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս անոնց դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին:

«Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւնները եղբայրական են, եւ բնական է, որ քաթարցիները զօրակցին Լիբանանին: Այս իմաստով կատարած այցելութիւնս արդէն իսկ կը փաստէ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններու գոյութիւնը: Քաթար պիտի օժանդակէ Լիբանանին` այս աղէտը դիմագրաւելու եւ այս նպատակով մեր երկիրը ունի զոյգ ծրագիրներ կարճատեւ եւ երկարատեւ», շեշտեց ան:

Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի հաստատեց, որ Քաթար, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ գործակցաբար, պիտի օժանդակէ պետական դպրոցներու վերակառուցման, ինչպէս նաեւ պիտի նորոգէ պայթումէն վնասուած կարգ մը հիւանդանոցներ:

Պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ յղուած հարցումի մը` քաթարցի պատասխանատուն մաղթեց, որ լիբանանեան կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքական տագնապը լուծուի` արտաքին ճնշումներէն հեռու:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին, որ կը զօրակցի Լիբանանին, երբ ան աղէտի ենթարկուած է` Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայական պայթումին պատճառով:

«Մեզի համար Քաթարի եւ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին այս կեցուածքը տարօրինակ չէ, որովհետեւ Քաթարն ու անոր իշխանը մնայուն կերպով հաստատած են, որ Լիբանանի նեցուկ կը կանգնին, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ ան», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ողջունէ Պէյրութի փլատակ թաղամասերուն վերակառուցման նպատակով կատարուելիք քաթարեան որեւէ օժանդակութիւն:

Պըրրիի Մօտ

Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Քաթարցի պատասխանատուն ցաւակցութիւն յայտնեց Տիապի` պայթումին պատճառած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանի կարիքները, որպէսզի ան կարենայ վերացնել պայթումին պատճառած աղէտին հետեւանքները:

Պուսթրոս Պալատ

Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Քաթարի փոխվարչապետը հաստատեց, որ Քաթար

կը փափաքի Լիբանանին օժանդակել` հասնելով անոր ամէնէն անյետաձգելի կարիքներուն:

Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի դիտել տուաւ, որ այդ օժանդակութիւնները պիտի կատարուին, երբ քանդումը վերացուի եւ Լիբանանի նոր կառավարութիւն կազմուի:

Տար Ֆաթուայի Մէջ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որ հաստատեց Քաթարի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին:

Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկիրը յուզող քաղաքական հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ան այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Քաթարի փոխվարչապետը ուղղուեցաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ծանօթացաւ պայթումին պատճառած աւերին եւ վնասներուն:

Նախորդը

Հարիրի. «Վարչապետի Թեկնածու Չեմ»

Յաջորդը

Վանի Բնակիչները Կը Պահանջեն Վերականգնել Լիմ Կղզիի Ս. Գէորգ Հայկական Եկեղեցին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?