Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Պըրրիի Ջանքերը Կանգ Առին

Օգոստոս 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերը երէկ կանգ առին, երբ ան պաշտօնապէս յայտարարեց հետեւեալը. «Նոր կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով ճիգ չխնայեցի, սակայն ի յայտ եկաւ, որ մէկ ձեռքով կարելի չէ ծափել: Հետեւաբար կը սպասեմ տեսնելու, թէ ուրիշներ ի՛նչ պիտի ընեն այս հարցով»:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Անթուան Փանօ, Էտկար Թրապուլսի, Սեզար Ապի Խալիլ եւ Հիքմաթ Տիպ:

Հանդիպումէն ետք Սահնաուի յայտնեց, որ իրենք Պըրրիէն պահանջած են խորհրդարանի արտակարգ նիստ մը գումարել` վաւերացնելու համար այն օրինագիծերը, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին:

«Նշեալ օրինագիծերը կարեւոր են` նկատի ունենալով, որ անոնք կը վերաբերին վերաշինութեան եւ վերակառուցման, օժանդակութիւններու բաշխումին, շտապ օգնութեան, աղէտէն տուժածներու հատուցման եւ այլ: Այս օրինագիծերուն մասին պիտի յայտարարենք երկուշաբթի առաւօտեան, խորհրդարանին մէջ հրաւիրուելիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին», ըսաւ Սահնաուի:

Ան շեշտեց, որ Պըրրի ընդառաջած է այս պահանջին եւ զօրակցութիւն յայտնած այս նախաձեռնութեան, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ եւ գործնական ըլլան Պէյրութի ժողովուրդին մատուցուելիք օժանդակութիւնները:

Պատասխանելով կառավարութեան կազմութեան գծով Պըրրիի հետ քննարկում կատարելու մասին հարցումի մը` Սահնաուի յայտնեց, որ նման քննարկում չէ կատարուած:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

 

Նախորդը

Հըզպալլա Վար Կ՛առնէ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Յաջորդը

«Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Վնասուած Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղեմ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին Եւ Քաղաքին, Իսկ Հատուցումը Պիտի Ըլլայ Արագ Եւ Արդար» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?