Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքը, որ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն օժանդակելու` Լիբանանը ազատագրելու իրանեան բռնագրաւումէն:
Մաշնուք ընդգծեց, որ 14 փետրուար 2005-էն սկսեալ ոչ մէկ արդիւնք արձանագրուած է, «ընդհակառակն` կրած ենք հետեւանքներ, ինչպէս` Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը», յայտնեց Մաշնուք:
Մաշնուք շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով Միջազգային դատական ատեանին տուած վճիռը լաւ կարդացած է եւ վերլուծած, եւ իրեն համար յստակ է, որ Հըզպալլան գործած է այդ ոճիրը:
Մաշնուք նշեց, որ Միջազգային դատական ատեանը կուսակցութիւններ կամ պետութիւններ չի կրնար դատապարտել, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի իր հիմնադրութեան կանոններուն: