Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆընէյշ. «Ֆրանսայի Հետ Հըզպալլայի Յարաբերութիւնները Գոյութիւն Ունէին Նախքան Մաքրոնի Լիբանան Այցելութիւնը Եւ Կը Շարունակեն Գոյութիւն Ունենալ Այդ Այցելութենէն Ետք»

August 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իր ազդեցութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը բազմիցս փաստած է եւ այդ պատճառով է, որ ան յարձակումի կ՛ենթարկուի:

Ֆընէյշ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ վարչական եւ քաղաքական ուղղակի պատասխանատուներուն վրայ: «Կան ապահովական կառոյցներ եւ դատական իշխանութիւններ, որոնք այս իմաստով իրենց դերակատարութիւնը պէտք է կատարեն: Այդ կառոյցները կրնան գործել, եթէ անոնց ստանձնած պարտականութիւնը քաղաքական միջամտութիւններէ զերծ պահուի», ըսաւ ան:

Ֆընէյշ հարց տուաւ, թէ Հըզպալլայի զէնքը ինչպէ՞ս կ՛արգիլէ երկրին պետական հաստատութիւններուն կառուցումը` հաստատելով, որ ոմանք կը փորձեն բարեկարգումի ամէն նշոյլ ձախողեցնել:

«Հըզպալլա փտածութիւնը չի պաշտպաներ, եւ զայն փտածութեամբ ամբաստանելը կը միտի Հըզպալլան ներքին տագնապներու միջամուխ դարձնել», շեշտեց ան:

Ֆընէյշ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապէն, երկրին դէմ ամերիկեան շրջափակումէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց Պէյրութ իր այցելութիւնը:

«Իսկ Ֆրանսայի հետ Հըզպալլայի յարաբերութիւնները գոյութիւն ունէին նախքան Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը եւ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ այդ այցելութենէն ետք», հաստատեց ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Կը Զօրակցինք Բնակուած Թաղերուն Մէջ Թաքցուած Զէնքերու Պահեստանոցները Ներխուժելու Ռայի Պատրիարքին Կոչին» Հաստատեց Քումաթի

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.