Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետեւանքները Դիմագրաւելու Իմաստով Լիբանանին Կատարուած Օժանդակութիւնները Կը Շարունակուին

Օգոստոս 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստը, անոր պայթումին հսկայական տարողութիւնն ու գործած աւերը կը մնան լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւնը:

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի ջոկատ մը ստուգած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող քիմիական նիւթերը եւ անոնց դասաւորումը կատարած գիտական չափանիշներու վրայ հիմնուելով եւ այնպիսի ձեւով մը, որ անոնք բեռնարկղերուն մէջ գտնուած իրենց վիճակին մէջ վտանգ չեն սպառնար:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակը շարունակեց օժանդակութիւններ ընդունիլ Միացեալ Նահանգներէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ:

Օժանդակութիւնները մարդասիրական էին եւ բժշկական պիտոյքներու վերաբերող:

Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր կոչ ուղղեց Ծոցի երկիրներուն օժանդակելու Պէյրութի փողոցներու վերանորոգութեան:

Լիբանանի մատուցուելիք օժանդակութիւններուն եւ ցուցաբերուած օգնութիւններու շրջագիծին մէջ այսօր Լիբանան կը հասնի Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին:

Կուերինի. «Լիբանանի Օժանդակութեան
Յանձնառու Կը Մնանք»

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուերինի երէկ այցելեց Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Կուերինի դիմաւորուեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքրի ներկայացուցիչ Քարոլ Թամերի եւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպատերիի կողմէ:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Կուերինի հաստատեց, որ Իտալիա ամէն իմաստով պիտի օժանդակէ լիբանանցիներուն: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:

Կուերինի ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր  ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Կուերինիի հետ քննարկեց Լիբանանի կարիքները` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց օժանդակելու, որպէսզի անպատսպար քաղաքացիները կարենան վերադառնալ իրենց բնակարանները:

Կուերինի իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն հարազատներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Կուերինի ընդգծեց լիբանանեան-իտալական երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները ամուր պահելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ բարեկամութիւնը կը հզօրանայ Լիբանանի մատուցուած օժանդակութիւններուն ընդմէջէն:

Կուերինի ուղղուեցաւ Հատասի Լիբանանեան համալսարանի համալիրը, ուր ստուգեց իտալական դաշտային հիւանդանոցը` հաստատելով, որ Իտալիա Լիբանանի օժանդակութեան յանձնառու կը մնայ:

Կուերինի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքրի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները դիմագրաւելու առումով:

Կուերինի այցելեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ստուգեց 4 օգոստոսին նաւահանգիստի պայթումին պատճառով արձանագրուած վնասները, ինչպէս նաեւ իտալական ծովուժին պատկանող «Սեն Ճուսթօ» մարտանաւը, որ նախանցեալ օր հասած էր Պէյրութ:

Քիւպիչ Այցելեց Տիապի

Իսկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր:

Քննարկուեցաւ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները բաշխելու աշխատանքը համադրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս պետական եւ սեփական դպրոցները վերակառուցելու եւ նորոգելու, պայթումէն տուժածները հատուցելու, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարը շարունակելու իմաստով:

Ուեհպէ. «Հայրենիքի Գործընկերէս Չեմ Զիջիր`
Ի՛նչ Ալ Ըլլայ Ճնշումներուն Տարողութիւնը»

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք հայրենիքի իր գործընկերէն չի զիջիր` ի՛նչ ալ ըլլայ բանեցուող ճնշումներուն տարողութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ո՛վ որ կը փափաքի մասնակցիլ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան, բարի եկած է, պայմանով որ թշնամի Իսրայէլ միջամուխ չդառնայ այդ հետաքննութեան:

Նշենք, որ Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները:

Ալաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելը հիմնական նախապայման է` տնտեսական-քաղաքական զօրակցութեան փուլ անցնելու:

Աշքար. «Աւելի Քան 75 Հազար Պաշտօնեաներ
Իրենց Աշխատանքը Կորսնցուցած Են»

Զբօսաշրջական հաստատութիւններու համադաշնակցութեան եւ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար երէկ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասներու գնահատումը կատարելու լուրջ հարցեր կան:

Ան ըսաւ, որ զբօսաշրջութեան մարզին կրած վնասներուն նախնական գնահատումներուն համաձայն, կարելի է ըսել, որ 2060 ճաշարաններ` Պէյրութի ճաշարաններուն մեծամասնութիւնը, հսկայական վնասներ կրած են: «163 պանդոկներ մեծ եւ թեթեւ վնասներ կրած են, անոնց նիւթական վնասները 100 հազար տոլարէն 14 միլիոն տոլարի միջեւ կը տարուբերի` իւրաքանչիւր պանդոկին համապատասխան», ըսաւ ան:

Աշքար հաստատեց, որ կառավարութեան ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը չէ սերտուած` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարը պայթումէն ետք ոչ իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարած է իրենց հետ եւ հարցուցած իրենց մասին:

Աշքար յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ կը գործեն աւելի քան 150 հազար պաշտօնեաներ, որոնց մեծ մասը` ճաշարանային մարզին մէջ:

«Այդ ճաշարաններու սեփականատէրերէն շատեր պահեցին իրենց պաշտօնեաներն ու վճարեցին անոնց ամսական աշխատավարձերը, սակայն նիւթական այս ծանր վնասներէն ետք պաշտօնեաներուն գրեթէ կէսը` աւելի քան 75 հազար պաշտօնեայ, իրենց աշխատանքը կորսնցուցած են», ըսաւ ան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Իրաւական Հաշուեքննութեան Սկսելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանահայութեան Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?