Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն Համար Ճշդուած Յաւելեալ 24 Ժամը Կ՛աւարտի Այսօր

September 17, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուած ջանքերն ու խորհրդակցութիւնները քաջալերելու իմաստով երէկ առաւօտեան յաւելեալ 24 ժամ ճշդուեցաւ, երբ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ Պաապտա կատարելիք իր այցելութիւնը յետաձգեց այսօրուան:

Տեղեկատուական աղբիւրներ նշեցին, որ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան արտաքին բաժանմունքի պետ Պեռնար Էմիէ շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցած է, եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան յաւելեալ 24 ժամ տրուած է` ամբողջացնելու կառավարութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ որոշ լուծումի:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Այն Թինէի մէջ նաեւ բանակցութիւններ կատարուեցան` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան թնճուկը:

Այս ճիգերուն միացաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որպէսզի շիի համայնքի զոյգ ներկայացուցիչներուն հետ ճիգեր ի գործ դնէ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցութիւններու ընթացքը:

Նախագահական պալատի աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախարարութիւններու հերթափոխութեան ընդհանուր գաղափարին համաձայն է` պայմանով, որ այդ մասին քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի կողմէ երեսփոխանական պլոքներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը կը հաստատէ, որ պլոքները կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհեն, որովհետեւ պիտի չընդունին, որ Ատիպ առանձինն նշանակէ նախարարները:

Վստահելի աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջարկած է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը տրուի յոյն ուղղափառ համայնքին, ելեւմուտքի նախարարութիւնը` սիւննի համայնքին, իսկ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները` շիի համայնքին:

Երէկ յետմիջօրէին Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահութիւնը հաստատեց, որ տակաւին առիթ կայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, բայց եւ այնպէս ցաւ կը յայտնէ, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները նախագահ Մաքրոնին տուած իրենց խոստումին յանձնառու չմնացին:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած գրառումի մը մէջ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կամ բոլոր նախարարութիւնները այս կամ այն համայնքին մենաշնորհը չեն:

Ան հաստատեց, որ նախարարութիւններու հերթափոխութեան մերժումը կը ձախողցնէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը եւ կը հարուածէ Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկելու վերջին առիթը:

Հարիրիի կեցուածքէն յստակ էր, որ այս անգամ ան պիտի չզիջի նախարարութիւններու հերթափոխութենէն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ոմանք չեն փափաքիր ըմբռնել, թէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը Լիբանանը փրկելու եւ անոր գոյութեան սպառնացող վտանգը ջնջելու վերջին առիթն է:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ եթէ Ատիպ հրաժարի, եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան Ա. փուլը ձախողի, ապա ֆրանսական նոր ծրագիր մը պիտի գործադրուի: «Մենք կը գտնուինք անկիւնադարձային 24 ժամուան դիմաց», ըսաւ Ապի Ռամիա:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Լազարինիի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Երթը` «Յանուն Ազգային Եւ Յառաջադէմ Կրթութեան» Կարգախօսով

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

February 14, 2026
Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»

February 14, 2026
Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Իրենց Ժամկէտին` Անոնց Շուրջ Բարձրացող Աղմուկէն Անկախ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.