Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 26.083-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 634 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 624-ը` տեղացիներ, իսկ 10-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 259 պարագաներ մահացած են, իսկ 9634 ուրիշներ` ապաքինած: