Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 25.449-ի, Մահուան Պարագաներունը` 252-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 9216-ի

Սեպտեմբեր 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 25.449-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 592 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 590-ը տեղացիներ, իսկ երկուքը Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 252 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 9216 ուրիշներ` ապաքինած:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ երեք օր առաջ արդէն իսկ սկսած են «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.» քննութիւններ կատարել` ճշդելու վարակուած Ներքին ապահովութեան ուժերն ու բանտին մէջ գործող խմբակները:

Հասան ընդգծեց, որ Ռումիէի բանտարկեալներէն քանի մը հոգին եւս ենթարկուած է քննութեան, եւ երբ յստակ դարձած է, թէ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու պարագայ գոյութիւն ունի բանտին մէջ, ապա նախարարութիւնը 300 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարած է, իսկ այդ քննութիւններուն արդիւնքներէն պարզուած է, որ 90 արգելափակեալ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:

Համատ Հասան յայտնեց, որ նման պարագաներու եւ մեծաթիւ բանտարկեալներու միատեղ գտնուելու իրականութենէն մեկնելով` կ՛ակնկալուի, որ վարակուածներուն թիւերը բարձրանան:

«Մենք պիտի շարունակենք վարակուած պարագաներուն հետապնդումը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բոլոր քննութիւնները պիտի կատարենք: Պէտք է ըսել, որ արձանագրուած վարակումի պարագաներէն միայն մէկը հիւանդանոցային է», ըսաւ ան:

Հասան շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին կացութիւնը բարդ է, սակայն ոչ սեւ եւ մութ: «Պատասխանատուութեամբ եւ արթուն կերպով պէտք է գործենք, որպէսզի փորձանքի մէջ չիյնանք: Արդէն իսկ սկսանք պատասխանատու մարմիններուն հետ հաղորդակցութիւններուն եւ բանտի տարածքին 20 հիւանդ ընդունող դաշտային հիւանդանոցի դրութիւն մը պիտի ստեղծենք», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, Համատ Հասան նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին եւ առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Սաննան:

Նիստին ընթացքին Հասան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը ապահովելու համար` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան իրաւունքն է իր քաղաքացիներուն համար այս մէկը կատարել:

Հասան նշեց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչէն պահանջուած է առաջնահերթութիւն ընծայել պատուաստ ապահովելու աշխատանքի ֆինանսաւորման, ինչպէս նաեւ ուղղակի կապ հաստատել ռուսական դեսպանատան հետ` հետեւելու համար տուեալներուն, ինչպէս նաեւ ապահովելու այն ուսումնասիրութիւնները, որոնք կ՛օժանդակեն արժեւորելու ռուսական պատուաստին կարեւորութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Խալետ Թիլաուիի Ահաբեկչական Բջիջի Անդամներէն Մէկը

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Ֆրանսական Նախաձեռնութեան Զօրակցելու Եւ Յանձնառու Ենք Զայն Յաջողցնելու»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?