Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Ֆրանսական Նախաձեռնութեան Զօրակցելու Եւ Յանձնառու Ենք Զայն Յաջողցնելու»

September 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը խստիւ կը դատապարտէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան «Միրնա Շալուհի»-ի կեդրոնին շուրջ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած միլիսական աքթերը, որոնք կարելի չէ քաղաքական եւ տեղեկատուական սպանութենէն զատորոշել:

Համախմբումը ընդգծեց, որ կառչած կը մնայ ֆրանսական նախաձեռնութեան զօրակցելու եւ յանձնառու է զայն յաջողցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել այն բարեկարգումները, որոնց շնորհիւ Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական իր ճնշուած պայմաններէն դուրս պիտի բերուի:

Համախմբումը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը եւ բարձր կը գնահատէ հանրապետութեան նախագահին ջանքերը` կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը աշխուժացնելու առումով:

«Նախագահ Աունի ջանքերը կրնան դիւրացնել վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի աշխատանքը», նշուեցաւ համախմբումի հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը մերժեց այս կամ այն նախարարութիւն որոշ համայնքի մը մենատիրութիւնը դարձնելու մօտեցումը, եւ մտահոգութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան իմաստով յաւելեալ ժամանակ կորսնցնելու միտումներէն` նկատի ունենալով, որ այս վիճակը երկիրը քաղաքական յաւելեալ երկփեղկումի եւ տնտեսական տագնապի կ՛առաջնորդէ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 25.449-ի, Մահուան Պարագաներունը` 252-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 9216-ի

Յաջորդը

Պըրրի Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.