41 թոն օժանդակութիւն պարունակող
յունական նաւը կը հասնի Պէյրութի նաւահանգիստ
Բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստ հասած է յունական նաւ մը, որ կը պարունակէ 41 թոն բժշկական, սննդեղէնի եւ շինարարութեան նիւթերու օժանդակութիւն, որ գոյացած է Յունաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան ջանքերով` համագործակցութեամբ յունական-ամերիկեան մշակութային կազմակերպութեան: Կարգ մը անձնական ընկերութիւններ եւս 127 թոն օժանդակութիւն ուղարկած են:
Ֆրանսայի զինուորական ստորաբաժանումը
աւարտեց Պէյրութի նաւահանգիստի փլատակներու
վերացման իր առաքելութիւնը\
Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսացի զինուորական կցորդ, գնդապետ Ֆապրիս Շափելը, որ կը գլխաւորէր զինուորական պատուիրակութիւն մը:
Գնդապետ Շափել մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց չորեքշաբթի օր իր լրումին հասած Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ իրականացուած փլատակներու վերացման առաքելութեան գծով, որ կատարուեցաւ ֆրանսական զինուորական ստորաբաժանումին կողմէ` գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:
Ֆրանսական ստորաբաժանումը Ֆրանսա պիտի վերադառնայ յաջորդ շաբթուան սկիզբը:
Պէյրութի հրշէջներու բողոքի ցոյց
Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքի անդամները բողոքի ցոյց մը կատարեցին քաղաքապետարանին առջեւ եւ պահանջեցին իրենց նիւթական ու բարոյական իրաւունքները` նշելով, որ բազմաթիւ անդամներ, որոնք հանգստեան կոչուած են, թշուառ կեանք կ՛ապրին:
Անոնք կոչ ուղղեցին, որ հրշէջները ստանան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներուն նոյն իրաւունքները` պահանջելով նիւթական հատուցումներու տրամադրման գործընթացի արագացումը` նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած հրշէջներու ընտանիքներուն:
Ցոյցին ընթացքին տեղի ունեցաւ բախում հրշէջներուն եւ Պէյրութի քաղաքապետին թիկնապահներուն միջեւ: Հրշէջները շեշտեցին հետեւեալը. «Կշտացանք խոստումներէն, մենք ամէն օր վտանգի տակ ենք, մենք մեր իրաւունքներէն մաս մը կ՛ուզենք: Եթէ մեռնինք, մեր զաւակները անօթի կը մեռնին»: