Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ազգային Քաղաքական Ուժերու Եւ Անձնաւորութիւններու Համախմբումը Դատապարտեց` Պահրէյնի Որոշումը Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման

Սեպտեմբեր 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ազգային քաղաքական ուժերու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը գումարեց իր շաբաթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Համախմբումին հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, թէ համախմբումը կը դատապարտէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման Պահրէյնի որոշումը, որ կը յաջորդէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն տուած որոշումին:

Համախմբումը ընդգծեց, որ այդ որոշումը պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներն ու օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային եւ բարոյական արժէքները կը հարուածէ:

«Սիոնական թշնամիին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արաբ ազգին եւ ժողովուրդներուն դաւաճանութիւն է: Այդ որոշումը տալով արաբական երկիրները կ՛ուրանան պաղեստինցի ժողովուրդին մարդկային նուազագոյն իրաւունքները եւ կը քաջալերեն թշնամին շարունակելու իր բռնարարքները, ոճիրներն ու անիրաւութիւնները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը հաստատեց, որ ներկայիս  յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին յայտարարութիւնները փաստեր են, որոնք նախապէս արաբական այդ երկիրներուն եւ Իսրայէլի միջեւ գաղտնի յարաբերութիւններ եղած են: «Անոնք կը բացայայտեն նաեւ դաւադրութեան այն աստիճանը, որուն պաղեստինցի ժողովուրդը ենթարկուած է նախորդ տասնամեակներուն», շեշտեց համախմբումը` աւելցնելով, որ պաղեստինցի ժողովուրդին գրաւը միայն Դիմադրութեան շարժումներուն վրայ է, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Սուրիոյ կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած նեցուկին:

Համախմբումը հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը յաղթանակներ կը կերտէ, իսկ բռնագրաւումը անպայման պիտի ուղղուի դէպի վերացում:

 

 

Նախորդը

Զասիփքինի Նուիրուած Հրաժեշտի Հանդիպումին. «Կ՛ընդգծենք Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Կարեւորութիւնը» Շեշտեց Ապտել Ռահիմ Մըրատ

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւն. Դատաւոր Սուուան Կը Հարցաքննէ Ֆընիանոսը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?